Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստ

Հայաստան

2019թ. Մարտ 12-ին, Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ, կայացաւՀայաստանի եւ Արցախի  Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստՕրակարգի հիմնական թեման կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայ իրավիճակի համատեղ գնահատման եւ համակարգուած գործողութիւններու ուրուագծման:

Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու անդամներուն կողմէ գնահատուեցաւ Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ վերահաստատուեցաւոր պաշտպանութեան ապահովման կարողութիւնները երաշխաւորուած են եւ կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայՄիեւնոյն ժամանակհայկական երկու կողմերը վերստին ընդգծեցին իրենց աջակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանհիմնուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներումասնաւորապէսժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման վրայ։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, նշեց. «Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բանակցային գործընթացին եւ իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբմիեւնոյն ժամանակ, խաղաղ գործընթացի լիարժէքութեան ու արդիւնաւէտութեան ապահովման համար Արցախի որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան հարցը կը մնայ արդիական»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, իր հերթին ընդգծեցոր 1994-1995 թթ. զինադադարի եռակողմ համաձայնագրերու անվերապահ իրականացումը ինկած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի հիմքին` կարեւոր նպաստ բերելով խաղաղ գործընթացի առաջ մղուելուն։ «Արցախը պատրաստ է շարունակելու իր կառուցողական ներդրումը տարածաշրջանին մէջ տեւական ու ամուր խաղաղութեան հաստատման ուղղուած բանակցային գործընթացին մէջ»,- նշեց Բակօ Սահակեան։

Համատեղ նիստին ծիրէն ներս ընդգծուեցաւոր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի ծիրէն ներս՝ Արցախի անվտանգութեան ապահովումն ու կարգավիճակը հայկական կողմերուն համար եղած են եւ կը մնան բացարձակ գերակայութիւններԿարեւոր համարուեցաւ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, վտանգի նուազեցման եւ միջադէպերու կանխարգիլման մեքենականութիւններու եւ փոխվստահութեան ամրապնդման քայլերու ներդրումըինչպէս ամրագրուած է Տուշանպէիիսկ մինչ այդ նաեւ Վիեննայի ու Ս. Փեթերզպուրկի գագաթաժողովներուն ծիրէն ներս:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ

ՏԵՂԵԿԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ