Լոյս Տեսած է «Արեւմտահայերէնը՝ 21-րդ Դարուն. Մարտահրաւէրներ եւ Նոր Մօտեցումներ» Անգլերէն Հատորը

Սփիւռք

Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Հայագիտական ուսմանց ընկերութեան «Արեւմտահայերէնը՝ 21-րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր մօտեցումներ» («Western Armenian in the 21st Century : Challenges and New Approaches») անգլերէն հատորը, որուն հեղինակներն են Պետրոս Տէր Մաթոսեան եւ Պառլօ Տէր Մկրտիչեան:

UNESCO-ն արեւմտահայերէնը դասած է անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուներու շարքին: Հայկական սփիւռքի լեզուն հանդիսացող արեւմտահայերէնը, ծանօթ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին դէմ յանդիման գտնուած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու: Վերջին տարիներուն գիտաշխատողները մեծ ջանքեր կը սպառեն զայն նոր սերունդներուն լաւագոյնս ուսուցանելու միջոցներ որոնելու համար: Այս հատորը ի մի կը բերէ մասնագէտներու կարծիքներ, փորձառութիւններ, տեսութիւններ, որոնք հայերէնի դասաւանդման ժամանակավրէպ մանկավարժական ձեւերը մէկդի ձգելով՝ Սփիւռքի նորագոյն պայմաններուն յարիր արդի միջոցներ կը թելադրեն, աշխատասիրութիւններու, յօդուածներու ընդմէջէն:

Գիրքին մէջ, տարբեր գլուխներու տակ, մէկտեղուած են Պետրոս Տէր Մաթոսեանի, Պառլօ Տէր Մկրտիչեանի, Հրաչ Չիլինկիրեանի, Անի Կարմիրեանի, Ճես Սիրական Առլէնի, Շուշան Կարապետեանի, Սիլվիա Գասպարեանի, Յակոբ Կիւլլիւճեանի, Էլիզապէթ Մխիթարեանի եւ Վարդան Մատթէոսեանի ուսումնասիրութիւնները կամ գրութիւնները:

Հատորը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական օժանդակութեամբ:

Ապսպրելու համար՝

https://www.amazon.com/Western-Armenian-21st-Century-Challenges/dp/0912201606/ref=sr_1_5?qid=1551737082&refinements=p_27%3ABedross+Der+Matossian&s=books&sr=1-5&text=Bedross+Der+Matossian