Հայաստանը Մասնակցած է «ITB Berlin – 2019» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Պեռլինի մէջ, Մարտ 6-10, տեղի ունեցած է «ITB Berlin – 2019» ամենամեայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական շուրջ 25 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, հիւրանոցներ ներկայացնող կազմակերպութիւններ, զբօսաշրջութիւն կազմակերպող անհատներ, որոնք կը ներկայացնէին Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը եւ այդ ոլորտի հնարաւորութիւններուն վերաբերող շարք մը փաթեթներ, ինչպէս՝ զբօսաշրջային համատեղ ծրագիրներ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ տարածաշրջանի:

Ցուցահանդէսի այցելուներուն մէջ էին զբօսաշրջային գործարարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, էջատէրեր, որոնք ծանօթացած են հայկական զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան: Կայացած է նաեւ ազգային ուտեստներու եւ հայկական գինիի համտես:

Նշենք, որ մասնակիցներու թիւով աշխարհի մէջ ամենախոշոր «ITB Berlin» ցուցահանդէսը կ՝իրականացուի 1966-էն ի վեր։ Լաւագոյն հանգստավայրերն ու զբօսաշրջային փաթեթները ներկայացնելու համար՝ ցուցահանդէսին ամէն տարի կը մասնակցին շուրջ 190 երկիր եւ հազարաւոր զբօսաշրջային ընկերութիւններ։ Ցուցահանդէսին նպատակն է տարբեր երկիրներու զբօսաշրջային ուղղութիւններու եւ կարողութիւններու, զբօսաշրջային եւ գործնական ճանապարհորդութիւններու համար նախատեսուած վերջին նորարարութիւններու ներկայացումը, զբօսաշրջային նոր շուկաներու բացայայտումը: