Նորագիր ՀՕՄ-ուհիները, «Զօրաց» Պանթէոնին Մէջ, Ուխտեցին Ծառայել Հայրենիքին (տեսանիւթ)

Պռոշեանի «Զօրաց» պանթէոնին մէջ, այսօր՝ Մարտ 8-ին, տեղի ունեցաւ նորագիր 19 ՀՕՄ-ուհիներու՝ Հայ օգնութեան միութեանն անդամակցող կանանց ուխտի արարողութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։ Աւանդոյթին համաձայն՝ մինչեւ ՀՕՄ-ին միանալը, […]

Թշնամին Միշտ Պէտք է Զգայ, որ Մենք Միասնական Ենք. Սահմանամերձ Շուռնուխի Մէջ Հայկական Եռագոյնը Պիտի Բարձրացուի․ Առուշ Առուշանեան

Թշնամին միշտ պէտք է զգայ, որ մենք միասնական ենք. սահմանամերձ Շուռնուխի մէջ պիտի բարձրացուի հայկական եռագոյնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Գորիս համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեան։ «Յարգելի հայրենակիցներ Մարտ 7-ին բոլորը […]

Բաղրամեան Պողոտայի Վրայ Տեղադրուած է Շուշիի Ազատագրման Գործողութիւններու Հսկայական Մանրակերտը

Բաղրամեան պողոտայի վրայ՝ արդէն աւելի քան տասը օր գործող Հայրենիքի փրկութեան շարժման վրանային հաւաքավայրին մէջ, քաղաքացիները կրնան պատկերացում կազմել, թէ 1992-ի Մայիսին ազատամարտիկներն ու ինքնապաշտպանական ուժերը ինչպէս անհնարն ու հնարինը […]

Ազրպէյճանցի Զինուորականներ Շուշիի Մէջ Պղծած Եւ Քանդած Են Յովհաննէս Թեւոսեանի Յուշարձանը

Ազրպէյճանցի զինուորականներ կը շարունակեն պղծել հայկական յուշարձանները Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ: Ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորականներ կը քանդեն Յովհաննէս (Իւան) Թեւոսեանի յուշարձանը։ […]

Տեղահանուած Խումբ Մը Արցախցիներ Ցոյցեր Իրականացուցած են ՌԴ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Առջեւ

Երեւանի մէջ, խումբ մը հադրութցիներ եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերէ տեղահանուած բնակիչներ, Մարտ 4-ին՝ Հադրութը վերադարձնելու պահանջով ցոյց իրականացուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան առջեւ: Ցոյցը, «Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով, կազմակերպած է «Յանուն Հադրութի» […]

Անտարբերութիւն` Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Բնակիչներու Խնդիրներուն Նկատմամբ (տեսանիւթ, լուսանկարներ)

Մարտ 4-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու բնակիչներ: «Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով՝ անոնք դժգոհութիւն յայտնած են առկայ իրավիճակին, իրենց խնդիրներուն նկատմամբ տիրող անտարբերութեան համար: Հաւաքին մասնակիցները նշած են, […]

Հայ Դատի «Շրջանային Դեսպան» Նախաձեռնութիւնը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է «Շրջանային Դեսպան» նորարար ծրագիրին՝ նպատակ ունենալով հայութեան քաղաքական ձայնը աւելի ազդու դարձնել, Արեւմտեան Ամերիկայի քոնկրեսական բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ, Հայ Դատը ջատագովող դեսպան մը նշանակելու միջոցաւ։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան կոչ կ՛ընէ՝ այս ծրագիրին միջոցաւ Հայ Դատը գործնականապէս ջատագովելու շրջանի հայերուն եւ հայութեան բարեկամներուն, որ այցելեն  կայքը եւ արձանագրուին, նկատի առնուելու համար շրջանային դեսպանի պաշտօնին։

Շիրվանեան Ընտանիքը Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Գիւմրիի «Շիրվանեան» Կեդրոնին

Այս ամառ պիտի նշուի Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձը։ Կեդրոնը կարելի եղած էր մէջտեղ բերել հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ։ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կեդրոնը վերածած է այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայրի մը, կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա դարձած է մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը, նպաստելով Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման։ Նաեւ, «Մենք ենք Գիւմրին» կը տնօրինէ 2017ին մահացած Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ Շիրակի մարզէն համալսարանական ուսանողներու նիւթական յատկացումներ կը կատարէ: Կեդրոնը վերջին քանի մը ամիսներուն նաեւ Արցախի պատերազմէն վնասներ կրած անձերու աջակցելու ջանքերուն աշխոյժ վայրի մը վերածուեցաւ: «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին այս նախաձեռնութիւնները կ՛իրականացուին շնորհիւ համայնքին եւ Շիրվանեան ընտանիքին շարունակուող նեցուկին։ Արդարեւ, Շիրվանեան ամոլի դուստրը՝ Ալիս Պետրոսեան, եւ անոր ամուսինը՝ Վահիկը, վերջերս 8000 տոլարի նուիրատուութեամբ մը ուռճացուցին կեդրոնին եւ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամի գործունէութեան համար անհրաժեշտ գումարները։ Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը Սեպտեմբերին յայտարարեց 2020-2021ի կրթական տարեշրջանին համար՝ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող 12 համալսարանական ուսանողներուն անունները, որոնցմէ երեքը անցեալ տարեշրջանին եւս կրթանպաստ ստացած էին, իսկ մնացեալը՝ առաջին անգամ ըլլալով: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Պապուճեան այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն եւ միւս բոլոր նուիրատուներուն, այս նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնելու՝ իրենց ազգանուէր կեցուածքին համար։ 2020-2021ի կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներուն հովանաւորներն են․ Քարլօ եւ Ազնիւ Պոզողլեան Փիեռ եւ Քեթի Չրախճեան Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեան Շանթ եւ Թամար Պապուճեան 4211 Nogales Dr. հիմնարկը Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեան Արթօ Քէօլէեան Համբար եւ Կարինէ Մելքոնեան Օշին եւ Իրէն Փիրումեան […]

Արցախեան Ձեռագրերու Ցուցադրութիւն՝ Մատենադարանի Մէջ

1959 Մարտ 3-ին, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը: Բացման 62-րդ տարեդարձը, այսօր, կը խորհրդանշուի  Արցախեան ձեռագրերու ցուցադրութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armradio.am-էն։ «Մատենադարան–Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնէն Երեւանի Մատենադարան […]

Էրտողանի Հրահանգով Արցախեան Պատերազմի Մասին Թուրք-ազրպէյճանական Ֆիլմ Պիտի Ստեղծուի

Մարտ 2-ին Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն ընդունած է Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը: Հանդիպման ընթացքին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կողմերը քննարկած են հաղորդակցութեան, լրատուամիջոցներու, մշակոյթի, ֆիլմարտադրութեան բնագաւառներուն […]