Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու ՀՀ-ի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Քննարկած են Գերիներու Հարցը, Արցախի Սրբավայրերու Պղծման ու Ոչնչացման Միջադէպերը

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտի 30-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Մ․ Թրէյսին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վեհափառ Հայրապետը ի դէմս դեսպանի իր գնահատանքը փոխանցած է ԱՄՆ իշխանութիւններուն՝ համավարակի պայմաններուն եւ յատկապէս պատերազմեան ու յետպատերազմեան դժուարին շրջանին դեսպանատան միջոցով Հայաստանին եւ Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերուող մարդասիրական աջակցութեան համար։ Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն եւ յետպատերազմեան հետեւանքներուն՝ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը ներդնել տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար կարգաւորման ուղղութեամբ։ 

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղած է համավարակի պայմաններուն մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ իրականացուցած ծրագրերուն եւ կրած ազդեցութիւններուն։ Խօսուած է պատերազմի ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերուն կողմօ ցուցաբերուած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ զինծառայողներու եւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու հոգեւոր խնամքին մասին։ Վեհափառ Հայրապետի կողմէն տեղեկութիւններ փոխանցուած են առ այսօր շարունակուող ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն, զոհուած եւ անհայտ կորած զինուորներու ընտանիքներու հետ տարուող հովուական աշխատանքին վերաբերեալ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանը մասնաւորապէս արծարծած են գերութեան մէջ յայտնուածներու ազատ արձակման եւ անհայտ կորածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէն ձեռնարկուող միջոցներուն հարցը։ Հանգամանօրէն քննարկուած են գրաւուած եւ յանձնուած տարածքներուն մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրները, սրբավայրերու պղծման եւ ոչնչացման փաստագրուած միջադէպերը։