Մեր Հետ Երբեւէ Ոչ Մէկը Այսպէս Վարուած է՝ Ո՛չ Թշնամի, Ո՛չ Հարեւան Երկիր․ Վահրամ Բալայեան

Հայաստան

Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր իշխանութեան ներկայացուցիչներու վերջին օրերու յայտարարութիւնները զարմանք յառաջացուցած են ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ Արցախի։ «Ինչպէ՞ս կարելի է 44-օրեայ գազանութիւններէն յետոյ մեր հակառակորդները դիտարկել իբրեւ ոչ թշնամի, եւ առհասարակ՝ իրենք ցանկութիւն ունի՞ն մեզի նոյնկերպ դիտարկելու»,- ըստ
hraparak.am-ի կ՝արձագանգեն Արցախէն։

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Արագածոտնի մարզին մէջ Նիկոլ Փաշինեանը իբրեւ առաջին կէտ խօսեցաւ այդ մասին եւ ըսաւ․ քանի դեռ մենք մեր հակառակորդները թշնամի կը դիտարկենք, անոնք ալ մեզի կը դիտարկեն, եւ այդ «փակ շղթայ»-էն պէտք է դուրս գալ։ Երկու օր առաջ ալ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, ծնունդով արցախցի Արմէն Գրիգորեանը շարունակեց՝ յայտարարելով, որ պէտք է շտկումներ մտցնել Թուրքիոյ նկատմամբ Երեւանի մօտեցումներուն մէջ։ Հաղորդավարի հարցին՝ «Թուրքիան այլեւս թշնամի պետութիւն չէ՞ Հայաստանի համար», ան պատասխանեց. «Եթէ մենք կ՝երթանք ապաշրջափակման, ուստի մեր մօտեցումներուն մէջ որոշակի շտկումներ պէտք է ըլլան, ու մենք այդ ուղղութեամբ կ՝աշխատինք»։ Իսկ ԱԳ նախարար Արա Այվազեանն ալ երէկ ըսաւ, թէ չի կարծեր, որ «Թուրքիան չի փոխեր իր հայատյացութեան այդ կեցուածքը»։

Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան կ՝ըսէ, որ խաղաղութիւնը, անշուշտ, լաւ բան է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ինչ գնով կը հաստատուի անիկա․ «Այնպէս կը թուի, որ մեզի պէտք է ջարդէին, փշրէին, հայրենազրկէին, յետոյ ըսէին՝ դէ, գիտէք, մեր հարեւաններն են, պէտք է խաղաղ ապրինք»։ «Իսկ թուրքը կ՝ուզէ՞, որ խաղաղ ապրի մեզի հետ»,- կը հարցնէ ան ու կը շարունակէ․ «Երբ կը յայտարարուի, որ Զանգեզուրն ալ մերն է, Երեւանն ու Սեւանը, այս պարագային խօսիլ խաղաղութեան մասին, կայ ընդամէնը մէկ բացատրութիւն՝ հրաժարիլ պետականութենէն, հրաժարիլ Ցեղասպանութենէն, տալ ամէն ինչ։ Ձեր կարծիքով, 1918-20 թթ․ Կարսը ինչո՞ւ յանձնուեցաւ, որովհետեւ հայ կոմունիստները, բոլշեւիկները կ՝ըսէին՝ թուրքը մեր բարեկամն է, եւ մեր իշխանութիւնն է մեր թշնամին, ու կարելի է յանձնել, հանգիստ ապրիլ։ Բայց ի՞նչ ստացանք»։ Արցախի պատգամաւորը խորհուրդ կու տայ՝ եթէ ՀՀ իշխանութիւնները իսկապէս խաղաղութեան կը ձգտին, պէտք է լծուին պետութեան հզօրացման․ «Հայաստանի ոտքի տակ ինկած հեղինակութիւնը թող բարձրացնեն, եթէ խաղաղութիւն կ՝ուզեն։ Մեզի հետ երբեւէ ոչ մէկը այսպէս չէ յարաբերած՝ ո՛չ թշնամի, ո՛չ հարեւան երկիր»։

Կ՝ըսէ նաեւ՝ խաղաղութեան ձգտող իշխանութիւնը առաջնահերթ պիտի լծուէր անվտանգային խնդիրներու լուծման, մինչդեռ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստէն ետք որոշեցին Արցախի մէջ բնակարանաշինութեան զարկ տալ, Արցախի մէջ 110 միլիառ դրամի բնակարանաշինութեան եւ ենթակառուցուածքներու կառուցման ծրագիր պիտի իրականացուի։ «Արցախի թիւ մէկ խնդիրը եղած է եւ կը մնայ անվտանգութիւնը։ Դէ, եկէք Արցախի մէջ ոսկի շէնքեր կառուցենք, տեսնենք՝ ովքե՞ր պիտի ապրին այնտեղ, եթէ անվտանգ չէ»,- կ՝ըսէ ան։

«Հայաստանը պէտք է խօսի այն մասին՝ կը կարենա՞յ արդեօք Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալ։ Առանց տուն ալ մարդ կրնայ ապրիլ, կրնայ վրանի տակ ալ ապրիլ, բայց՝ անվտանգ։ Այո, բնակարանն ալ կարեւոր է, բայց կարեւորը նախ միջավայրն է, անվտանգութիւնը՝ ուր կ՝ապրի, ինչ ապագայ ունի։ Իսկ այսօր դուք տեսէք, թէ ինչ մթնոլորտ ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ, որ մենք Արցախին զինուոր չենք տար։ Թող այդ մթնոլորտը ցրեն։ Մենք, փաստօրէն, դասեր չենք քաղեր պատմութենէն, կար ժամանակ ալ, որ կ՝ըսէինք՝ Արցախը բեռ է մեզի համար, մինչեւ չյանձնենք, լաւ պիտի չապրինք։ Հիմա թուրքը հասած է Սեւանի ափ, Գորիս։ Մտածել, որ այդպէս յանձնելով ՀՀ քաղաքացին երջանիկ պիտի ապրի, այդպէս չէ»։

ն