Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդի Նկատմամբ Պետական Աջակցութեամբ Ատելութիւնն ու Թշնամանքը Ազրպէյճանի Կամ Թուրքիոյ Մէջ Ոչ Միայն Չէ Նուազած, Այլեւ Նոր Դրսեւորումներ Կը Ստանայ. ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի նախագահը, իշխանութիւնները Հայաստանի, ՀՀ քաղաքացիի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ տարիներ ի վեր վարած են եւ կը շարունակեն վարել ատելութեան ու թշնամանքի քարոզի, ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն: Նոյնը ըրած են կամ բացայայտ կը խրախուսեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան։

ՄԻՊ-ը կը ներկայացնէ 3 օրինակ։

«Ազրպէյճանի նախագահը «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութեան 2021թ. Մարտ 5-ի 7-րդ համագումարի ուղերձով հպարտացաւ. «Երիտասարդ սերունդը մեծցած է թշնամիին հանդէպ ատելութեան զգացումով»: Թշնամի ըսելով՝ նկատի ունի Հայաստանն ու ողջ հայ ժողովուրդը, որուն կ՝ատէ ողջ սերունդ մը: Թուրքիոյ նախագահը 2020թ. Դեկտեմբեր 10-ին Պաքուի ռազմական հանդիսութեան ժամանակ Արցախի մէջ պատերազմը համեմատեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղսապանութեան եւ 1918 թուականի Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ հայերու զանգուածային ջարդերուն հետ: Այդ օրը, ըստ անոր, Ահմետ Ճեւատ բէյի, Նուրի փաշայի, Էնվեր փաշայի, Կովկասի իսլամական բանակի անդամներու հոգիներու փառաւորման օրն էր:

ՄԻԵԴ-ի վճիռներով արձանագրուած է, որ Ազրպէյճանի մէջ հայասպանութիւնը ունի ցեղապաշտական շարժառիթներ ու կը խրախուսուի իշխանութեան մարմիններուն կողմէ:

Ուստի, ինչ գործընթաց կամ ծրագիր ալ ըլլայ կամ ինչ բառեր ալ օգտագործուին՝ այս հիմնարար իրողութիւնները կարելի չէ անտեսել:

Ասիկա կը նշանակէ, որ ՀՀ քաղաքացիի կեանքի, ֆիզիքական անվտանգութեան կամ որեւէ այլ իրաւունքի, Հայաստանի բնակչութեան բնականոն կեանքի ու խաղաղութեան հաշուին, միակողմանի որեւէ գործընթաց չի կրնար զարգանալ, իսկ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ պետական աջակցութեամբ ատելութիւնն ու թշնամանքը Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ ոչ միայն չէ նուազած, այլ պատասխանատւութիւն չկրելու պատճառով կը ստանայ նոր դրսեւորումներ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի այս յայտարարութիւնը ուղիղ կապուած է 2020թ. Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներու զինուած յարձակումներու ընթացքին ու անոնց դադարէն ետք արձանագրուած ու շարունակուող մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով, ինչպէս նաեւ հաշուի կ՝առնուի այն, որ հարցը դարձած է լայն հանրային քննարկման առարկայ:

Յ.Գ. Այս լուսանկարը պատերազմի ընթացքին յատուկ պատրաստած ու հասարակական ցանցերու մէջ աշխոյժ կերպով կը տարածէին ազրպէյճանցի ու թուրք օգտատէրերը` լայնօրէն խրախուսելով ազրպէյճանական վայրագութիւնները»,- նշած է ՀՀ ՄԻՊ-ը։