Կը Բացառեմ Տաւուշի Մարզի Տարածքներու Յանձնման Գործընթացը․ Հայկ Չոպանեան

Հայաստան

Ես կը բացառեմ Տաւուշի մարզի տարածքներու յանձնման գործընթացը՝ ըստ Yerkir.am-ի ըսաւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:

Ան վստահեցուց, որ Տաւուշի մէջ ամէն ինչ հանգիստ է, սահմաններու փոփոխութեան հարցի վերաբերեալ քննարկումներ ու տեղեկութիւններ չկան:

«Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ զինուորականներու ներկայութեան, ատիկա կը կրէ մշտական բնոյթ եւ կապուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան գործառոյթներուն հետ: Հարցով, թէ ինչ զինծառայողներ են անոնք՝ ռուս խաղաղապահներ կամ այլ, կը խնդրենք կապուիլ Պաշտպանութեան նախարարութեան կամ Գլխաւոր շտաբի հետ»,- ըսաւ Չոպանեան:

Անոր խօսքով՝ այս թեման Հայաստանի մէջ պէտք է փակուի եւ ամբողջ ուշադրութիւնը պէտք է ուղղուի արտաքին սպառնալիքին:

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․