Սլաքներ.- Ո՞րն Է Զարմանալին (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա) Հայաստանի լրատու աղբիւրները Հինգշաբթի, 25 Մարտին, «աւետիս» մը եւս տուին Արցախէն: Պի. Պի. Սի.-էն լրագրող մը Արցախ այցելած է եւ ստուգած՝ որ Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին «անհետ կորսուած» է: Սա այն եկեղեցին է, որ Արցախի ծանօթ գօտիներուն գրաւումէն ետք, ուշադրութիւն գրաւած էր, երբ ազերի զինուոր մը անոր զանգակատան գագաթը բարձրացած էր ու քանդած՝ խաչը: (Անգլիացի լրագրողին բացայայտումներուն պատմութիւնը պէտք չունինք կրկնելու, թէ՝ ազերիները ինչպէ՛ս կը փորձեն ծածկել անծածկելի աւերումը):

Շաբաթներ առաջ, Շուշիի «Կանաչ եկեղեցի»-ին աւերման լուսանկարները տարածուած էին: Զուգահեռաբար, գերեզմաններու, եկեղեցիներու, յուշակոթողներու քանդումն ու պղծումը սովորական դարձած են, դատապարտանքի աւելի՛ ուժեղ արձագանգներ կը գտնեն միջազգային շրջանակներու մէջ, քան Հայաստանի պետական պատասխանատուներուն կողմէ: Արդար ըլլալու համար ընդունինք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, արցախցիք երբեմն դժգոհութիւն կը յայտնեն նման վարմունքի համար, սակայն սա կը կատարուի այնպիսի ոճով, որ կարծէք թէ խնդրոյ առարկան… հեռաւոր երկրի մը մէկ յուշակողոթը ըլլար:

Զարմանալի՞ է, որ ազերիները հիմնայատակ կը կործանեն Արցախի մեր կոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւնները. չէ՞ որ անոնք նոյն ստորագրութիւնը դրած էին Նախիջեւանի սահմանին գտնուող խաչքարերու «անտառ»-ին տակ: Չէ՞ որ Ատրպէյճանի «մեծ եղբայրը»՝ Թուրքիա եւս հայութեան հետքերը կը բնաջնջէ մեզմէ գրաւած իր հողերու վրայ, չ’երկմտիր նաեւ հայկական հինաւուրց գերեզմանատուն մը անէացնել եւ առեւտրական շէնքեր կառուցել անոր տեղը: Իսկ մենք, հողն ու հայրենիքի մէկ անբաժանելի տարածքին ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ անտեսելով՝ մենք մեզ կը մխիթարենք, որ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ ուխտի կ’երթանք Դադիվանք, Ամարաս, վաղը թերեւս դէպի Շուշի ուխտագնացութիւն ալ կազմակերպուի եւ դասուի այսօրուան իշխանութիւններուն… նուաճումներուն շարքին:

Բ) Հայաստանի տնտեսութեան մարզի մէկ պատասխանատուն սքանչելի գիւտ մը ըրած է եւ բոլորիս կ’ըսէ. «Աչքերնիդ լո՜յս…»: Վահան Քերոբեան անունով հանճարը նկատեր է, որ անցեալ տարուան Փետրուարի տուեալներուն բաղդատմամբ, այս տարուան նոյն ժամանակամիջոցին, Հայաստանի տնտեսութեան գործառնութիւնները նուազ 5.3 առ հարիւր է: Եւ նկատի ունենալով, որ 2020-ը նահանջ տարի էր, այսինքն, Փետրուարը 29 օր էր, ուրեմն, ան գտեր է, որ տնտեսութիւնը «համարեա վերականգնուել է»: Զարմանա՞նք, թէ լալու չափ խնդանք:

Տնտեսական հարցերու մասնագէտ ըլլալու պէտք չկայ, տեսնելու՝ թէ Քերոբեանը ինչպիսի՜ հանճար մըն է, որ մէկդի նետած է Պսակաւոր ժահրին, 44-օրեայ պատերազմին ու բազմածալք այլ տագնապներու անթաքոյց հետեւանքները, Փետրուարին մէկ օր աւելի ըլլալուն վրայ կը խարսխէ իր «տնտեսութիւնը համարեա վերականգնուել է»-ն:

Գ) Հայաստանի մէջ պետական ազնիւ ու վեհանձն մարդիկ չեն պակսիր: Եթէ մէկը սխալ գործած է, հրապարակաւ ներողութիւն կը խնդրէ, յանցանքը կ’ընդունի եւ… վերջ, ամէն բան «անուշի կը կապուի»: Երջանկայիշատակ Յակոբ Պարոնեան պիտի ըսէր՝ «չեղածի պէս կ’ըլլայ եղեր»…

Նախարար մը լրագրողի մը վրայ յարձակեցաւ, հարուածներ հասցուց, համակարգիչը կոտրեց, քանի մը օր ետք՝ «Ես ձեզ շատ եմ սիրում, լրագրողնե՛ր, եւ ներողութիւն եմ խնդրում լրագրողից…»: Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, Բաղրամեան պողոտային վրայ ընդդիմադիրներուն կազմակերպած բողոքի երկարատեւ ցոյցերը վարկաբեկելու համար, լուսանկար մը հրատարակեց, իբրեւ թէ ցուցարարները փողոցը աղբանոցի վերածած են: Շուտով փաստուեցաւ, որ հրապարակուած լուսանկարը աւելի քան 3 տարուան հնութիւն ունի, կը ներկայացնէ ո՛չ թէ երեւանեան փողոց մը, այլ… Ուքրայինայի մէկ փողոցը: Բաղրամեանը մնացած էր մաքուր: Պաշտօնատարը ընդունեց սխալը եւ… ներողութիւն խնդրեց: Զարմանա՞լ, թէ՞ ուրախանալ…

Դ) Վարչապետը օր ցերեկով սխալ տեղեկութիւններ հրապարակեց ռուսական արդիական հրթիռներու մասին: Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա փոթորիկ փրթաւ: Քանի մը օր ետք, առաւելաբար դուրսէն բարձրացած ճնշումին առջեւ նահանջ արձանագրելով, վարչապետը ներողութիւն խնդրելու պէս բան մը ըրաւ, ըսելով, որ «իրեն սխալ տեղեկութիւն տուած են»: Զարմանալու տեղ կա՞յ…

Ե) Նոյնինքն վարչապետը, որ օր մը բարձրաղաղակ յայտարարած էր, որ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», 44-օրեայ պատերազմէն երկիրն ու ազգը պարտուած դուրս բերելէ ետք, յանցանքը, չքմեղանքի եւ ներողամտութեան արտայայտութիւններ ունեցաւ, այնունետեւ աչքերը փակ կը պահէ Հայաստանէն պատառիկներու խլման իրականութեան դիմաց, ներողութիւն խնդրելու փոխարէն, կը փորձէ հայութիւնը համոզել, որ Շուշին դժբախտ էր ու տժգոյն, կասկածի տակ կ’առնէ անոր հայկականութիւնը, վաղն ալ կրնայ նոյնը ընել… Սիւնիքի կամ սահմանային մէկ այլ գօտիին նկատմամբ: Հոս, արդէն զարմանքի վերջին նշոյլն ալ կը չքանայ:

***

…Ամէնէն մեծ զարմանալին այն է, որ այս իշխանաւորին ու խմբակիցներուն անվիճելիօրէն վնասաբեր ընթացքին ի տես, կրնան գտնուիլ հայեր, որոնք կ’ուզեն Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին ապագային մէջ անոր դեր մը վերապահել:

Պահ մը մոռնանք բոլոր այն անհատներն ու խմբաւորումները, որոնք վնասարար այս խմբակին անյապաղ հեռացումը կը պահանջեն, այլ հարցերը դիտենք իբրեւ հասարակ մահկանացու հայեր, որոնք քիչ թէ շատ պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն գիտեն, ունին ազգային գիտակցութիւն եւ արժանապատւութիւն: Զարմանալ որո՞ւն համար. անո՞նց՝ որոնք կը պահանջեն այս իշխանութեան հեռացումը, թէ անոնց՝ որոնք, հողային, մարդկային եւ տնտեսական, նիւթական ահաւոր կորուստներէ ետք, կը փորձեն կոյր ձեւանալ եւ հաւատարիմ են պատմական պարտութիւնը փաստագրողներուն, որովհետեւ ի՞նչ, «ժողովուրդը ընտրած է եւ մենք ժողովուրդին կամքը կը կատարենք»: Այս «հաւատարիմները» արդեօք պահ մը հարց կու տա՞ն իրենք իրենց, թէ արդեօք ժողովուրդը վարչապետին եւ փոքրաթիւ գործակիցներուն (ներառեալ Արցախի իր լծակիցներուն) լիազօրութիւն տուա՞ծ էր Արցախէն նա՛եւ չգրաւուած հողեր յանձնելու Ատրպէյճանին: Չե՞ն զարմանար իրենց կոյր հաւատարմութեան վրայ:

«Զարմանք» բառը յայտնապէս նոր սահմանումի կը կարօտի: Եթէ Պարոյր Սեւակը պահ մը գլուխը բարձրացնէր գերեզմանէն, հաւանաբար աւաղէր. «Ե՛կ, վարդապե՛տ, ու մի՛ խենթենայ»…