Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ անդրադարձած է ծերակուտականներու՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու կոչին՝ ուղղուած ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Աքար նշած է, որ երբ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսները կու գան, այդ հարցը կը յայտնուի օրակարգի վրայ:

«Պէտք է շատ լաւ հասկցուի, որ առանց տեղեկոյթի կարծիք չ՝ըլլար: Եւ անոնք, որոնք կարծիք կը յայտնեն եւ պնդումներ կը ներկայացնեն, նախ պէտք է տեղեկացուած ըլլան տուեալ հարցէն»,- ըսած է ան:

Կրկնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ պարբերաբար արտաբերուող նոյնաբովանդակ մտքեր՝ ան ըսած է, որ այդ հարցին շուրջ իրենք բազմիցս խօսած, քննարկած ու պատմած են եւ պիտի շարունակեն պատմել:

Պնդելով, որ ԱՄՆ-ի ազգային արխիւին մէջ կան գրաւոր տեղեկութիւններ, բոլոր մտաւորականներուն, ներառեալ ԱՄՆ քաղաքական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն Աքար կոչ ըրած է՝ ուսումնասիրելու արխիւները:

Այնուհետեւ, ան լրագրողներուն պատմած է ԱՄՆ ազգային արխիւէն 1603 էջանոց զեկոյցէն հատուած մը, ըստ որուն, 1919-ին ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի հրամանով ամերիկացի զօրավար Ճէյմս Հարպըրտ զինուորականներէն եւ քաղաքացիական անձերէ բաղկացած մօտ 50 հոգինոց պատուիրակութեամբ Թուրքիա գացած է եւ այնտեղ 58 օր ուսումնասիրութիւններ ըրած: «Ատոր իբրեւ արդիւնք կազմուած զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այստեղ որեւէ ցեղասպանութիւն չէ եղած եւ երկու կողմերը (թուրքերն ու հայերը-խմբ.) ունեցած են շատ ծանր վիշտ»,- ըսած է Աքար:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու 37 ծերակուտականներ միացած են ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսի նամակին՝ կոչ ընելով նախագահ Ճօ Պայտընին հետեւելու Քոնկրեսին եւ ամբողջութեամբ ու պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: