Իտալիա Չի Կրնար Բանակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Թուրքիոյ Հետ. Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Իտալիոյ իշխող համախոհական կառավարութեան մաս կազմող «Լեկա» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Մաթէօ Սալվինի անկարելի կը համարէ բանակցիլ Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ այդ երկիրը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Իբրեւ պատասխան Անգարայի հետ բանակցելու մասին վարչապետ Մարիօ Տրակիի ելոյթին՝ Սալվինի ըսաւ,- «Դուք կը փորձէք հրաշք գործել՝ ստիպելով թրքական վարչակազմին, որ լաւ վարքագիծ դրսեւորէ, սակայն կը փափաքիմ յիշեցնել, որ այդ վարչակազմը կը ջնջէ ոչ միայն կանանց իրաւունքները, այլ նաեւ շարք մը այլ ազատութիւններ եւ նոյնիսկ կը հերքէ պատմական ճշմարտութիւնը: Չմոռանանք, որ տակաւին հայերու համար արդարութիւնը չէ հաստատուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ ճանչցուած Անգարայի կողմէ: Եւ երբ այս բոլորը կան, չեմ կարծեր, որ մենք կրնանք նոյն սեղանին շուրջ նստիլ մէկու մը հետ, որ կը բանտարկէ բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակին յիշել պատմական ճշմարտութիւնը»: