Զօրաւոր Սբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Բարբարոսական Ոչնչացումը Արդարացնելու Ազրպէյճանական Կողմի Փորձերը Դատապարտելի Են. Աննա Նաղդալեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ԱԳՆ-ն հրապարակած է մամուլի խօսնակին պատասխանը լրատուականներու հարցին:

Հարց. Ազրպէյճանի նախագահականը եւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հանդէս եկած են Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերման մասին «արդարացումներով»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ատիկա:

Պատասխան. Ազրպէյճանական կողմը հաստատեց Մեխակաւան (Ջեբրայիլ) բնակավայրի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերման միտումնաւոր եւ ծրագրուած բնոյթը, եւ որ ատիկա իրականացուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշման իբրեւ արդիւնք: Ազրպէյճանական կողմի բոլոր փորձերը՝ արդարացնելու պաշտամունքի վայրի բարբարոսական ոչնչացումը մտահոգիչ եւ դատապարտելի են:

Յատկանշական է, որ միաժամանակ ազրպէյճանական կողմը քար լռութիւն կը պահպանէ Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի աւելի քան 200 տարուան պատմութիւն ունեցող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ (Կանաչ ժամ) աւերման մեղադրանքներուն եւ փաստերուն վերաբերեալ՝ հաւանաբար չգտնելով այս հերթական բարբարոսութեան «արդարացման» որեւէ, անգամ՝ մտացածին հիմնաւորում:

Մէկ անգամ եւս կ՝ընդգծենք, որ միջազգային հանրութիւնը, նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ համանախագահող երկիրները, UNESCO-ն պէտք է անյապաղ միջամտեն հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար: