Թատերասրահ, Մշակոյթի Կեդրոն, Ազգայնականներու Գրասենեակ. Էսքիշեհիրի Հայկական Եկեղեցւոյ Ճակատագիրը

Աշխարհ, Սփիւռք

Այժմեան Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան Էսքիշեհիր նահանգի Թեփեպաշը թաղամասին վրայ (նախապէս՝ Հոշնուդիյէ հայկական թաղամաս) գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական պատմական առաքելական եկեղեցւոյ շէնքին վրայ՝ Թուրքիոյ դրօշի կողքին յայտնուած է Ազրպէյճանի դրօշը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարուն: Անիկա նոյնպէս արժանացած է հայկական լքուած եկեղեցիներու ճակատագրին:

1945-ին հայկական այս եկեղեցւոյ շէնքը՝ Էսքիշեհիրի հիմնադրամներուն կողմէ վաճառուելէ ետք, նոյն թուականին վերածուած է ժամանակակից թատերասրահի: Իսկ 1974-էն սկսեալ՝ որոշ ժամանակահատուած մը պատմական եկեղեցւոյ շէնքին մէջ ցուցադրուած են էրոթիք ֆիլմեր: Յատկանշական է, որ նմանատիպ ֆիլմեր ցուցադրուած են ոչ միայն այս, այլեւ հայկական շարք մը այլ եկեղեցիներու շէնքերուն մէջ, որոնք վերածուած էին թատերասրահներու:

Ձեւափոխուած շէնքի առաջին յարկին վրայ կը գործէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մօր անունը կրող մշակութային կեդրոնը: Իսկ երկրորդ յարկին վրայ՝ Թուրքիոյ մէջ «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական խմբաւորման քաղաքական թեւը հանդիսացող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP-ԱՇԿ) Էսքիշեհրի նահանգային կառոյցի գրասենեակն է:

Շէնքի արտաքին պատերուն փակցուած են  կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլէթ Պահչելիի լուսանկարով պաստառը, կուսակցութեան նշանը եւ Թուրքիոյ դրօշը: Վերջերս, շէնքի պատին փակցուցած են նաեւ Ազրպէյճանի դրօշը, որ կրնայ կապուած ըլլալ արցախեան վերջին պատերազմին Ազրպէյճանի յաջողութիւններուն: Այս միջադէպի առիթով՝ Twitter-ի վրայ գրառում կատարած է եւ անոր կից լուսանկար հրապարակած է պոլսահայ Օզան Տեւրիմեանը:

Այս առիթով ան հեգնանքով գրած է. «Հերիք չէ, որ հայկական եկեղեցին սեփականացուցած են, հիմա ալ անշուշտ պէտք է Ազրպէյճանի դրօշը տնկէին»: