ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Շէնքին Դիմաց ՀՅԴ-ականները Բողոքի Ցոյց Իրականացուցին

Հայաստան

Այսօր, Մարտ 29-ին, Անվտանգութեան խորհուրդի շէնքին մօտ՝ ՀՅԴ-ականները կազմակերպած էին բողոքի ցոյց։ Անոնց վրդովուած էին այն հանգամանքէն, որ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով 3 անգամ չէր պատասխանած այն հարցին, թէ Թուրքիան Հայաստանի թշնամի՞ն է, թէ՝ ոչ, եւ նշած էր յարաբերութիւնները շտկելու անհրաժեշտութեան մասին:

ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Անվտանգութեան խորհդուրդը իր քարտուղարով դարձած է Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն. «Իսկ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այլեւս հանգիստ կրնայ ըսել, որ ՀՀ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանն է»:

«Արմէն Գրիգորեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ-ի մէջ կը սպասարկեն Թուրքիոյ շահերը»,- նշեցին ներկաները։

ՀՅԴ անդամները Անվտանգութեան խորհուրդի շէնքին դիմաց այրեցին Թուրքիոյ դրօշը։

Մանրամասները տեսանիւթով.