Category: Աշխարհ
Թուրք Ոստիկանները Գանձագողերու Մօտ Հայ Արքայի Մարմարէ Արձան Յայտնաբերած են
Թուրքիոյ մէջ, ոստիկանները, ահազանգի հիման վրայ, յայտնաբերած են Կոմմագենէի հայ արքայ Անտիոքոսի մարմարէ արձանը գրութիւնով։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Sabah-ը։ Ոստիկանները Պալըքեսիր նահանգին մէջ կանգնեցուցաց են դէպի […]
Երեւան-Պուխարեսթ Նոր Ուղիղ Չուերթի Շնորհիւ Եւրոպան Աւելի Մօտ Պիտի Ըլլայ
Ռումանական ազգային օդանաւային «Tarom» ընկերութիւնը այսուհետեւ Պուխարեսթ-Երեւան-Պուխարեսթ ուղիղ չուերթներ պիտի իրականացնէ: Ապրիլ 3-ին տեղի ունեցաւ չուերթի առաջին թռիչքը: Հայաստանի մէջ «Tarom» ընկերութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Արարատ Մուրատեանի խօսքով` այս չուերթը դէպի Եւրոպա թռիչքները աւելի […]
IBM Ընկերութիւնը Հայաստանի Մէջ Գործունէութիւն Ծաւալելու Լուրջ Հեռանկարներ Կը Տեսնէ
Հայաստանի Հանրապետութեան փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան ընդունած է Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ IBM ընկերութեան տնօրէն Իրիս Ճէպայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի […]
Արա Նաճարեան Կլենտէյլի Քաղաքապետ Ընտրուած է
ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Արա Նաճարեան ընտրուած է Կլենտէյլի քաղաքապետ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը հաղորդէ myglendalecitynews.org-ը, ըստ որուն, Նաճարեանը՝ այդ պաշտօնով՝ կը փոխարինէ Զարեհ Սինանեանը: Արա Նաճարեան […]
Արժանթինի Քոլէճին Մէջ Հայկական Մշակոյթ Պիտի Դասաւանդուի
Արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեանի նախաձեռնութեամբ՝ Արժանթինի Քորտոպա քաղաքի երաժշտական կրթութեան ուսումնասիրութեան քոլէճին մէջ, ուր հայ ուսանողներ ընդհանրապէս չեն յաճախեր, հայ մշակոյթը (երաժշտութիւն, ազգային փողային նուագարաններ, հայ երաժշտութեան պատմութիւն) պաշտօնապէս ընդունուած […]
Մահացած Է Հայ Դատի Պաշտպան, Սպանացի Լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան
Մարտ 31-ին, 81 տարեկան հասակին երկարատեւ հիւանդութենէն ետք կեանքէն հեռացած է սպանացի ճանչցուած լրագրող, մտաւորական, Հայ դատի պաշտպան ու հայ ժողովուրդի բարեկամ Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան:
Թուրքիոյ ՏԻՄ ընտրութիւններուն Շիշլիի Շրջանին Մէջ Յաղթած է Սելինա Տողանը
Այս ընտրութիւնները մեզի համար քիչ մը տարբեր էին, որովհետեւ Շիշլիի մէջ շատ քիչեր կը հաւատային մեր յաղթանակին: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն […]
Փայլանի Եւ 43 Այլ Ընդդիմադիր Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Նոր Փորձ
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը 44 երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու նպատակով՝ դիմում կատարած է խորհրդարանին: Յատկանշական է, որ դիմումը ուղարկուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարաման մարմիններու ընտրութիւններէն միայն մէկ օր առաջ՝ […]
Պաքու Սպառնական Ոճով Կը Դատապարտէ Տօնոյեանի Յայտարարութիւնը
«Նիւ Եորքի մէջ, հայկական համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին՝ «խաղաղութիւն տարածքներու փոխարէն» բանաձեւը՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու համար» բանաձեւով փոխարինելու մասին յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը […]
Էրտողանի Կուսակցութիւնը ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Պարտուած է Թրքական Խոշոր Քաղաքներուն Մէջ
Մարտ 31-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը թէեւ յաղթած է ընդհանուր ընտրութիւններուն, սակայն պարտուած է մայրաքաղաք Անգարայի, ինչպէս […]









