Շուրջ 25 Հազար Բռնի Տեղահանուած Արցախահայեր Արդէն Լքած են Հայաստանը. Գեղամ Ստեփանեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Ժընեւի մէջ կազմակերպուած ուղեկցող ձեռնարկին ժամանակ, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը անդրադարձած է «Արցախի ժողովուրդի՝ Հայաստանի մէջ տեղահանուած ըլլալու պայմաններուն մէջ իրաւունքներուն եւ վերադարձի իրաւունքին» թեմային։

Գեղամ Ստեփանեանը ներկայացուցած է բռնի տեղահանուած արցախահայութեան առջեւ ծառացած շարունակական մարդասիրական եւ հասարակական խնդիրները՝ զգուշացնելով, որ հրատապ աջակցութեան ծրագիրները զգալիօրէն կրճատուած կամ դադրեցուած են, մինչդեռ տեղահանուածները կը շարունակեն ունենալ պատշաճ բնակարանի, կայուն աշխատանքի եւ հասարակական կեանքին լիարժէք ընդելուզուելու կարիք։

Ան յայտնած է, որ շուրջ 25 հազար բռնի տեղահանուած արցախահայեր արդէն լքած են Հայաստանը՝ երկրորդային արտագաղթի հետեւանքով։ Գեղամ Ստեփանեանը նախազգուշացուցած է, որ առանց գործուն աջակցութեան՝ բազմաթիւ այլ ընտանիքներ եւս կրնան հարկադրուած ըլլալ հնարաւորութիւններ փնտռելու այլ երկիրներու մէջ։

«Արցախահայերի տեղահանութիւնը չի աւարտւել նրանց՝ Հայաստան ժամանելով»,- ընդգծած է Ստեփանեանը՝ կարեւոր համարելով վերադարձի իրաւունքի իրացման եւ երկարաժամկէտ աջակցութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայ օգնութեան միութեան եւ «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»-ի համագործակցութեամբ։ Անիկա նուիրուած էր փախստականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, արդարութեան վերականգնման եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, մասնաւորապէս՝ կանանց ու երեխաներու իրաւունքներու վրայ հիմնուած լուծումներու քննարկման։