Դիւանագիտական Միջադէպ` Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխան Սոնիա Քրիմիի` դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ անտեղիտալի կեցուածքը` թրքական յարձակողական եւ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին` պատկերասփիւռային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է…

Նշենք, որ Ուրբաթ օր, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարանական մէկ նիստին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենար Անթալիոյ մէջ, թրքական խորհրդարանի նախագահը` Մուսթաֆա Շենթոփ, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Ֆրանսան ամբաստանած էր «պատմութիւնը խեղաթիւրելու» եւ Ալճերիոյ ու Ռուանտայի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու անհիմն մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ խտրական ակնարկ կատարած էր Սոնիա Քրիմիի թունուզեան ծագումին:

Ֆրանսացի երեսփոխանը հակադարձած էր նշելով, որ «ցնցուած» է Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յարձակումներէն` մերժելով «յաղթողներուն կողմէ գրուած» պատմութիւնը: Ապա նոյնանման մեղադրանքներով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան ու պատմութեան, Ֆրանսան վերջին երկիրն է, որ կրնայ Թուրքիոյ դասեր տալ, որովհետեւ չենք մոռցած այն, ինչ որ կատարած է Ռուանտայի եւ Ալճերիոյ մէջ: Կրնաք շարունակել հարցերը վերէն դիտել, սակայն պիտի շարունակենք ձեզ ձեր տեղը դնել»,-ըսած էր ան:

Այս իրողութեան դիմաց, իբրեւ բողոք Ֆրանսայի ներկայացուցիչ երեսփոխանը` Սոնիա Քրիմի եւ ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները դահլիճը լքած եւ դուրս եկած էին նիստէն:

Քրիմի, աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Երբ ամբարտաւան Մեւլութ Չաւուշօղլու մեզի ամբարտաւանութեան ու քաղաքավարութեան մասին ամբարտաւանութեամբ ու անկրթութեամբ դասեր կու տայ»: Ապա նշեց, որ Չաւուշօղլուն ընկերային ցանցերու վրայ իրեն դէմ արգելք  կիրարկած է եւ աւելցուց. «Ժողովրդավարութեան ու դիւանագիտութեան ի՛նչ գեղեցիկ դաս»:

Աւելցնենք նաեւ, որ Սոնիա Քրիմի աւելի ուշ ստացած էր ցեղապաշտական անանուն բազմաթիւ պատգամներ եւ մահուան սպառնալիքներ:

Յայտնենք, որ Անգարայի ներկայացուցիչները այս ձեւով կը հակազդէին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման գծով ֆրանսական նորագոյն որոշումին, ըստ որուն, այսուհետեւ 24 ապրիլը Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին պետական պաշտօնական յուշատօն կը նկատուի:

Թրքական կողմը յայտնապէս կուլ չէ տուած այս նորագոյն ապտակը, որուն պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած է դիւանագիտական այս միջադէպը:ացառիկ յատկանիշներուն շնորհիւ ան  անջնջելի հետք ձգած է Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ: