Վահան Զանոյեան Զեկուցեց «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ին

Հայաստան, Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը կը շարունակէ շաբաթական հերթականութեամբ գումարել առցանց նիստեր՝ տարածաշրջանի պատերազմական իրադարձութիւններուն հետ կապուած գործընթացներու տարբեր ուղղութիւնները իբրեւ օրակարգի կէտեր ներառնելով։

Վերջին առցանց նիստը կայացաւ Շաբաթ երեկոյեան, 18 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։

Նիստին հրաւիրուած էր զեկուցելու համաշխարհային տնտեսական խնդիրներու եւ յատկապէս ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ Վահան Զանոյեան։

Վ. Զանոյեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց տարածաշրջանի պատերազմին շրջածիրին մէջ Հորմուզի ջրանցքի փակման տնտեսական հետեւանքներուն մասին։ Փորձագիտական զեկուցումը ներառած էր նաեւ աշխարհակարգային խնդիրներ, Իրանի դերին վերափոխման, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետապնդած նպատակներու ընդհանրութիւններուն եւ տարբերութիւններուն վերաբերեալ։

Զանոյեանի զեկուցումին հետեւեցաւ քննարկում վերոյիշեալ բոլոր իրադարձութիւններուն՝ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս ալ միջին արեւելեան երկիրներուն վրայ ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն եւ հետեւանքներուն վրայ։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ կը գտնուինք նոր աշխարհակարգի որոնման եւ անցումային շրջանի մէջ։ Այս փուլը ցնցումներ կ՚ենթադրէ եւ համաձայնեցուած հրադադարները անպայման չեն ենթադրեր երկարատեւ կայունութիւն։ Հետեւաբար, սթափ պէտք է գնահատել իրավիճակը՝ փորձել կանխատեսելով յետագայ միտումները ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Վահան Զանոյեանի ներկայացուցած մասնագիտական զեկուցումը, որ առիթ հանդիսացաւ համակողմանի քննարկումի՝ յագեցած նորագոյն տեղեկութիւններով եւ անոնց հիման վրայ կատարուած վերլուծումներով։

Յայտնենք, որ շաբաթական հերթականութեամբ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի առցանց նիստերը պիտի շարունակուին։