Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (4) «Արմէնզ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պօղոս Շահմելիքեան

Խօսիլ Ֆերահեան վարժարանի մասին` առանց անդրադառնալու դպրոցի «Արմէնզ» մարզական միութեան, վստահաբար անարդար պիտի ըլլար:

Շատերու համար Ֆերահեան եւ «Արմէնզ» հոմանիշներ են, իսկ երբ կը խօսինք «Արմէնզ»-ի մասին, ինքնաբերաբար մեր աչքերուն առջեւ կը ներկայանայ մարզական պատասխանատու Վարանդ Վարդապետեանին անունը, կամ պարզապէս` «Քոչ Վարանդ»-ը, որ մեծ ներդրում ունեցած է «Արմէնզ»-ի կատարած հսկայ նուաճումներուն մէջ:

Հայկական առաջին ամէնօրեայ Ֆերահեան վարժարանին կառուցուելէն միայն 5 տարիներ ետք, 1968-1969 տարեշրջանին դպրոցը ունեցաւ տղոց պասքեթպոլի խումբը` «Արմէնզ»-ը:

«Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»:

Ամէն ինչ յստա՞կ է

1980-1984 Վարանդ Վարդապետեան կը սկսի պաշտօնավարել Ֆերահեանի մէջ`իբրեւ այցելու ուսուցիչ:

Սկիզբի տարիներուն «նորածին» դպրոցը մարզական տարբեր տեսակի խումբեր պահելու բաւարար թիւով աշակերտութիւն չունէր: Տարուէ տարի, աշակերտութեան թիւի աճին հետ, տղոց պասքեթպոլի խումբի կողքին, «Արմէնզ» ունեցաւ տղոց եւ աղջիկներու պասքեթպոլի, վոլի պոլի, Սաքըրի (ֆութպոլ), Թրեք էնտ ֆիլտ եւ քրոս-քաունթրի վազքերու տարբեր տարիքի բազմաթիւ մարզական խումբեր:

1984-1985 վերամուտին Գ. Ինճեճիկեանը, դպրոցի մարզական պատասխանատու եւ «Արմէնզ»-ի մարզիչ կը նշանակէ Վարանդը:

Տարուէ տարի Լոս Անճելըսի մէջ բազմացան ամէնօրեայ հայկական վարժարանները եւ, բնականաբար, անոնք եւս ունեցան իրենց մարզական խումբերը, որոնց մեծամասնութիւնը օտար անուններ կը կրեն, ինչպէս Eagles, Titans, Spartans եւ շատ ուրիշներ: Նոյնը չէ պարագան Ֆերահեանի մարզական միութեան: «Արմէնզ» անունը հայութիւն կը խորհրդանշէ եւ օտար վարժարաններու հետ ունեցած մրցումներու ժամանակ ինքնաբերաբար կը յիշուի, որ անոնք կը մրցին հայկական խումբի մը դէմ:

Դպրոց մը աշխուժացնողները եղած են մարզական մրցումներն ու մշակութային ձեռնարկները: Երկուքին աշխուժ գործունէութեան յաճախ կը հանդիպինք Ֆերահեան վարժարանէն ներս, սակայն ներկայիս զանց պիտի առնեմ մշակութային ձեռնարկները, եւ պիտի անդրադառնամ միայն «Արմէնզ»-ի ծնունդին, նուաճումներուն եւ ապագայ ծրագիրներու մասին:

Խօսելով «Արմէնզ»-ի լայն շրջապատի մասին, կարելի է հաստատել, որ դպրոցի աշակերտութեան 90 տոկոսէն աւելին անդամ են «Արմէնզ»-ի մարզական խումբերուն:

Այս թիւին վրայ կ՛աւելնան նախապէս «Արմէնզ»-ի մաս կազմած Ֆերահեանի շրջանաւարտ մարզիկները: Համալսարանի ուսանողներ կամ արդէն իսկ կեանքի ասպարէզ նետուած նախկին Ֆերահեանականներ կը մնան «Արմէնզ»-ի մեծ ընտանիքի անդամ: Ի զուր չէ «Արմէնզ»-ի նշանաբանը` «Once an Armen, Always an Armen». Յաւիտենական «Արմէնզ»-ի անդամ:

«Քոչ»երը Վարանդ, Արշակ, Գոգո, Նշան

Այսպիսի մարզական միութիւն մը կարիքը ունի մեծ թիւով մարզիչներու: «Արմէնզ»-ի գլխաւոր մարզիչ Վարանդ Վարդապետեանի կողքին, լիաժամ աշխատող մարզիչներէն կ՛արժէ յիշել Արշակ Մարգարեանի, Գօգօ Գաբրիէլեանի եւ Նշան Քենճոյեանի անունները: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան 20 այցելու օգնական մարզիչներ, որոնք ներկայի եւ անցեալի «Արմէնզ»-ի մարզիկներ են:

Իւրաքանչիւր տարի, Գոհաբանութեան տօնին նախորդող օրը, «Աւետիսեան» մարզասրահին մէջ տեղի կ՛ունենան շրջանաւարտ եւ ներկայ «արմէն»-ականներու մրցաշարքերը: Տարբեր նահանգներու համալսարաններու մէջ ուսանողներ քանի մը օրուան համար կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն հետ միասին տօնելու Ամերիկայի ամենայատկանշական տօնը: Լաւ առիթ մը` նաեւ միանալու «Արմէնզ»-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն:

Ասոնց կողքին, արդէն իսկ կեանքի ասպարէզ նետուած տարիքով աւելի մեծ ֆերահեանականներ դաշտ կը ներկայանան` ընկերակցութեամբ իրենց կողակիցներուն եւ զաւակներուն, որոնք նոյնպէս «Արմէնզ»-ի անդամներ են: Երկար տարիներ դադրած ըլլալով մարզական փորձերէ, մեծամասնութեամբ ծանրացած, կորսնցուցած` իրենց երբեմնի ճկունութիւնը, կը մրցին իրենցմէ շատ աւելի երիտասարդ տարիքով, ներկայի ֆերահեանականներուն դէմ, սակայն կը պատահի, որ «վեթերանները» պարտութեան մատնեն իրենց կէս տարիքը ունեցող պատանիները:

Աննկարագրելի եռուզեռ կը տիրէ դպրոցի շրջափակէն ներս: Մարզասրահին մէկ անկիւնը «Արմէնզ»-ի օժանդակ մարմինի տիկինները համով սանտուիչներ կը հրամցնեն ներկաներուն, եւ այդ մէկը կոկիկ գումար մը կ՛ապահովէ բազմածախս մարզական միութեան:

Քանի մը քայլ եւ … կը հասնիմ

Գրեթէ ամէն շաբաթ «Արմէնզ» կը հիւրընկալէ տարբեր երկրորդական վարժարաններու խումբեր: Յաղթանակներու կողքին, կ՛արձանագրուին պարտութիւններ, սակայն «Արմէնզ»-ի մարզիկները մի՛շտ կը պահեն իրենց մարզական ոգին: Այդպէս դաստիարակուած են:

Յաճախ մրցումներ տեղի կ’ունենան Ֆերահեանի շրջափակէն հեռու Քալիֆորնիոյ տարբեր հայ կամ օտար վարժարաններու դէմ: Մարզիկները կը փոխադրուին «Արմէնզ»ի յատուկ փոխադրակառքերով, իսկ երբ հասնին աւարտական մրցումին, մեծ թիւով ներկայ եւ նախկին Ֆերահեանականներ կ՛ուղղուին դէպի դաշտ` քաջալերելու դպրոցի մարզիկները, որոնց յաճախ կ՛ընկերանայ նաեւ դպրոցին տնօրէնը:

«Արմէնզ»-ին մաս կազմելու համար նախապայման է, որ աշակերտը ապահովէ բաւական բարձր ուսումնական միջին, եւ այդ միջինը չապահովող մարզիկը, կը զրկուի «Արմէնզ»-ին մաս կազմելու հաճոյքէն, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ բացառիկ կարողութեան տէր մարզիկ մը: Նաեւ, պայման է, որ մարզիկը ըլլայ պարտաճանաչ: Փորձի մը չներկայացող աշակերտը կը կախակայուի եւ իրաւունք չ՛ունենար մասնակցելու 3 յաջորդական մրցումներու, իսկ առանց բանաւոր պատճառի` 3 յաջորդական փորձերու բացակայ մարզիկը ինքնաբերաբար կը հեռացուի «Արմէնզ»-ի շարքերէն, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ խումբին ամենաշատ կէտեր ապահովողը:

Ուսման մակարդակը եւ կարգապահութիւնը առաջնահերթ պայմաններ են «Արմէնզ»-ին:

* * *

Մի՛շտ «Արմէնզ»ի կողքին

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին «Աւետիսեան» մարզասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Արմէնզ»-ի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին կը կատարուին մրցանակաբաշխութիւնները: Ծնողներ եւ «Արմէնզ»-ի համակիրներ  ներկայ կ՛ըլլան այդ ձեռնարկին:

Մրցումներու կամ փորձերու ժամանակ յատկանշական եւ յիշատակելի նկարներ զետեղուած կ’ըլլան մարզասրահի պատերուն: Կը ցուցադրուին զանազան մրցումներէ առնուած տեսերիզներ, ուր յաճախ կը հանդիպինք հաճելի եւ անակնկալ տեսարաններու:

Ամէն անգամ որ «Արմէնզ» ապահովէ ախոյեանութիւն մը, այդ տարուան խումբի լաւագոյն մարզիկին շապիկը «հանգստեան» կը կոչուի, եւ այդ թիւը կրող շապիկը, շրջանակի առնուած, կը տեղաւորուի «Աւետիսեան» մարզասրահին պատուոյ անկիւնը:

«Արմէնզ» ապահոված է բազմաթիւ ախոյանութիւններ, որոնցմէ կ՛ուզեմ յիշել միայն երկուքը.

2012-ին, հարաւային Քալիֆորնիոյ երկրորդական վարժարաններու դաշնակցութեան (CIF) մրցումներուն «Արմէնզ»-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը խլեց առաջնութիւնը , իսկ 2016-ին միեւնոյն մրցաշարքին ախոյեանութեան տիրացաւ «Արմէնզ»-ի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը:

Բազմաթիւ մեծարանքի երեկոներ կազմակերպուած են` պատուելու դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը, սակայն ամենաշատ գնահատողը եղաւ «Արմէնզ» մարզական միութեան վարչութիւնը:

Արդէն իսկ կառուցուելու վրայ է դպրոցին նոր մարզահամալիրը, որ պիտի փոխարինէ Ֆերահեանի նախկին մարզադաշտը: Նորակառոյց մարզահամալիրը պիտի ունենայ պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի մէկական դաշտ նուիրուած դպրոցի վաղամեռիկ աշակերտ Կարօ Մատէնլեանի յիշատակին: Իսկ ֆութպոլի դաշտը պիտի կոչուի դպրոցի առաջին տասնամեակի հոգաբարձութեան ատենապետ Սուրէն Սարոյանի անունով: Մարզական այս համալիրը պիտի կոչուի դպրոցի հիմնադիր տնօրէնին անունով` «Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճեճիկեան մարզական համալիր»:

Անուններ, որոնք արժանի են ամէն տեսակ գնահատանքի եւ մեծարանքի:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի համար Ֆերահեանը մեծ ընտանիք մըն է, որուն աշակերտները իր «սանուկներն» են:

Քոչ Վարանդին սանուկներն են «Արմէնզ»-ի ներկայի եւ անցեալի մարզիկները, իսկ «արմէն»-ականներուն կեանքի մէկ անբաժան մասնիկը դարձած է «Արմէնզ»-ը:

Once An Armen, Always An Armen.

 (Շար. 4 եւ վերջ)
Լոս Անճելըս, 2019