Եկեղեցին Իր Զօրակցութիւնը Ժողովուրդին Նկատմամբ Պէտք է Գործնապէս Արտայայտէ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքէրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովրդին պահանջքները […]

Երիտասարդ Ըմբիշները Ուքրանիոյ Մէջ Մետալներ Նուաճած են

Հայաստանը ներկայացնող երիտասարդ ըմբիշները մետալներ նուաճած են Ուքրանիոյ միջազգային մրցաշարին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ըմբշամարտի դաշնութիւնը: Ուքրանիոյ Զաբորոժիէ քաղաքին մէջ կայացած է անուանի ըմբիշ Եւգենի Տրուխինի յուշամրցաշարը, որուն մասնակցած […]

ԱՄՆ Քանզաս Նահանգի Ազգային Պահակազօրի Պատուիրակութիւնը Պիտի Մասնակցի Հայոց Բանակի Օրուան Ձեռնարկներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Յունուար 27-ին, ընդունեց ԱՄՆ Քանզաս նահանգի Ազգային պահակազօրի զօրավար-հրամանատար Լի Թաֆանելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն: […]

Արմէն Սարգսեան Մասնակցած է Հոլոքոսթի Յիշատակին Նուիրուած Միջազգային Համաժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երուսաղէմի մէջ մասնակցած է Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: «Յիշելով Հոլոքոսթը, պայքարելով ընդդէմ հակասեմիթիզմի» […]

Փայլան «Սանասարեան Տան» Հարցով Դիմեց Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին

Հակառակ 2018-ին ապահովուած դատական նպաստաւոր որոշումին՝ Պոլսոյ հայկական «Սանասարեան տան» («Սանասարեան խան») սեփականութեան իրաւունքը հայութեան վերդարձնելու գծով, 2019-ին Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանը որոշած էր շէնքը «նուիրել» Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան: Ermenihaber.am-ը […]

«Մշակութային Ժառանգութիւն. Փորձ եւ Հեռանկարներ Միջազգային Ծիրէն Ներս» Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքները

«Մշակութային ժառանգութիւն. փորձ եւ հեռանկարներ միջազգային ծիրէն ներս» խորագրով միջազգային համաժողովին ընթացքին, Յունուար 23-24-ին, հայ եւ օտար փորձագէտները պիտի քննարկեն մշակութային ժառանգութեան կառավարման եւ խնամքին, ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստման վերաբերող եւ […]

Իտալացի Պատգամաւորը Անդրադարձած է Պաքուի Մէջ Իրագործուած Հայերու Ջարդերուն

Պաքուի մէջ հայերու ջարդերու 30-ամեակին առիթով՝ Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ ելոյթ ունեցած է պատգամաւոր Ճուլիօ Չենդեմերոն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ «Ուղիղ 30 տարի առաջ` 1990 Յունուար 13-19, Պաքուի մէջ […]

ՀՀ Նախագահը Բարձրացուցած է Իսրայէլի Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Աշխատանքային այցով Իսրայէլի Պետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան այցելած են Իսրայէլի խորհրդարան, ուր անոնց հիւրընկալած են խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտըլշթէյնը եւ տիկին Իրինա Նեւզլինը: Այս […]

Հայաստանը Ներկայացուած է Տարուան Առաջին Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

«Տուրիզմ Արմէնիա» ընկերութեան աջակցութեամբ մեծ ու միասնական տաղաւարով Հայաստանը ներկայացուած է տարուան առաջին` «Fitur2020» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ՝ունենայ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ: Մեր երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները կը ներկայացնեն […]

Նախագահ Մաքրոն Պիտի Մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ […]