ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Կազմակերպութեան Սեմինարներուն

Աշխարհ, Սփիւռք

24-26 Յունուարին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու (Young European Socialists) կազմակերպութեան սեմինարներու շարքը եւ բիւրոյի հերթական ժողովը` Լիւքսամպուրկի մայրաքաղաքին մէջ:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան կողմէ վերոնշեալ ձեռնարկներուն մասնակցեցաւ Սարին Գազանճեանը (Շուէտ):

Սեմինարները կազմակերպուեցան երկու նիւթերով` «Շրջակայ միջավայրի փոփոխութիւնները» եւ «Կազմակերպութիւններու ներքին կազմակերպուածութիւնն ու կառուցուածքները»: Քննարկումներ ծաւալեցան շրջակայ միջավայրի փոփոխութեան հետեւանքներուն եւ այս հարցին մէջ Եւրոպական միութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ: Դասախօսութիւններով հանդէս եկան Եւրոպայի ընկերվարական կուսակցութեան (PES) անդամները: Դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու նախագահ եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ալիսիա Հոմս:

Սեմինարի երկրորդ բաժինին մէջ քննարկուեցան երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներքին կազմակերպուածութեան եւ առկայ մարտահրաւէրներու հարցը: Մասնակիցները անդրադարձան իրենց կազմակերպութիւններու դժուարութիւններուն եւ աշխատանքային խումբերուն մէջ առաջարկներ ներկայացուցին կազմակերպութիւններու ներքին կազմակերպուածութեան վիճակը բարելաւելու վերաբերեալ:

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու բիւրոյի արտահերթ ժողով, որուն ընթացքին հրաժարական ներկայացուց ընդհանուր քարտուղար Մայ Ենսընը եւ ընտրուեցաւ նոր ընդհանուր քարտուղար` Աննա Փրիխցլաւան: ՀՅԴ Երիտասարդականը շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին ընդհանուր քարտուղարին` արդիւնաւէտ եւ հաճելի համագործակցութեան համար: