Հայ Դատը Արցախը Ականազերծելու Նպաստը Թրամփի Կրճատումներէն Փրկելու Կոչ Կ՛ընէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հակադարձելով յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին մէջ արտաքին օժանդակութիւնները 21 տոկոսով կրճատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ 11 Փետրուարին ներկայացուած առաջարկին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն, որպէսզի անոնք դէմ դնեն յատկապէս Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը կրճատելու փորձին։

Հայ Դատը կը յիշեցնէ ամերիկահայութեան, որ ամավարկին վերջանական որոշումը կը պատկանի Քոնկրեսին։ «Անհրաժեշտ է, որ Քոնկրեսը փրկէ Արցախին յատկացուելիք օժանդակութիւնը: Ձեր ծերակուտականները եւ ներկայացուցիչները այդ մէկը պիտի կատարեն, եթէ դուք՝ ձեր ընտանիքները եւ ընկերները, անոնց մղէք գիտակցելու, որ անիկա ձեզի համար առաջնակարգ հարց մըն է», կ՛ըսուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ Հայ Դատը անցեալ շաբաթ ներկայացուցած էր 2021ի պետական ամավարկին մէջ իր առաջնահերթութիւնները՝ կոչ ընելով քոնկրեսականներուն, որ նկատի ունենան հետեւեալները.

– Առնուազն 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախի մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ամբողջացնելու համար «Հէյլօ Թրասթ»ի կողմէ այնտեղ շարունակուող ականազերծման աշխատանքերը.

– Առնուազն 90 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին՝ ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.

– Արգիլումը Ատրպէյճանին որեւէ տնտեսական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին։

Արշաւին միանալու համար՝ այցելել anca.org/aid կայքէջը։