Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Գրադարանի Վերածուեցաւ

 Կեսարիոյ քաղաքապետարանին նախաձեռնած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք, Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին իբրեւ գրադարան վերաբացուեցաւ Յունուար 15-ին։ Յիշեցնենք, որ 1800-ականներուն կառուցուած եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած էր իբրեւ ոստիկանական բաժին եւ […]

Հայաստան Ընտրուած է UNESCO-ի Կրթութեան Միջազգային Բիւրոյի Խորհուրդի Ղեկավար Կոմիտէի Նախագահ

Ժընեւի մէջ, Յունուար 21-ին, UNESCO-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի որոշումով՝ Հայաստանը ընտրուած է Խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ 2020-2021 թթ. համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան […]

Եկատերինա Սագելարոփուլու Յունաստանի Նախագահ Ընտրուած է

Յունաստանի խորհրդարանը, Յունուար 22-ին, երկրի նախագահ ընտրած է Եկատերինա Սագելարոփուլուն: Այս մասին կը հաղորդէ TASS  լրատու գործակալութիւնը։ 63-ամեայ Սագելարոփուլուն առաջին կինն է, որ բարձրագոյն պետական պաշտօնի կը հասնի երկրի պատմութեան […]

Պեռլինի Մէջ «Թումօ» Կեդրոն Պիտի Բացուի

Յունուարի 21-ին, Թումօ Երեւանի եւ KfW դրամատան Պեռլինի կեդրոնին մէջ  զուգահեռաբար, տեղի ունեցաւ Պեռլինի մէջ Թումօ կեդրոնի հիմնելու վերաբերեալ պայմանագրի ստորագրման արարողութիւնը: Կեդրոնը պիտի գործէ Պեռլինի արեւմտեան հատուածին` պատմական Շառլոթենպուրգ […]

ՀՀ Նախագահը Մասնակցած է Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի Բացման

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքի մէջ մասնակցած է «Շահագրգիռ կողմերը՝ յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրը կրող  Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի […]

Աշխարհի Մէջ Լրագրողներու Դէմ Կատարուած Յանցագործութիւններուն Գրեթէ 90 Տոկոսը Անպատիժ Կը Մնայ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով կազմակերպութիւնը (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) մտահոգուած է, որ աշխարհի մէջ լրագրողներու դէմ իրագործուող յանցագործութիւններու գրեթէ 90 տոկոսը անպատիժ կը մնայ: Այս մասին նշուած է Երկուշաբթի երեկոյեան տարածուած […]

Պոլսոյ Պատրիարքարանը Տինքի Եւ Պալըքճըի Սպանութեան Գործերով Դատավարութիւններու Մասին Յայտարարութիւն Հրապարակած Է

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն հրապարակած է` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ սպաննուած զինուոր Սեւակ Պալըքճըի եւ Հրանդ Տինքի գործերով դատավարութիւններուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը: Պատրիարքարանը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Սեւակ […]

ՀՀ ու Չինաստանի Քաղաքացիները Ազատուած են Մուտքի Արտօնագրի Պահանջէն

Յունուար 19-ին ուժի մէջ մտաւ «ՀՀ կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ սովորական անձնագրեր կրող անձերու համար մուտքի արտօնագրի պահանջի փոխադարձութեան սկզբունքով վերացման մասին» համաձայնագիրը: Ըստ այդ համաձայնագիրին՝ ՀՀ […]

Նոր Բացայայտումներ Փնտռող Չինացի Զբօսաշրջիկները Սկսած Են Աւելի Յաճախ Ընտրել Հայաստանը

Վերջին շրջանին, Չինաստանէն Հայաստան զբօսաշրջիկներու կատարած այցելութիւնները նկատելի կերպով աւելցած են: Վիճակագրութեան համաձայն՝ 2018-ին, 2017-ին հետ համեմատած՝ Չինաստանէն Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 59.9 տոկոսով: Աճի ընթացք կայ նաեւ […]

Ազրպէյճանի Մէջ Մտահոգ Են Ռուսիոյ Նոր Վարչապետին Հայ Ըլլալէն

Հինգշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ վարչապետի պաշտօնին նախկին նախագահ եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի փոխարէն նշանակուեցաւ տնտեսագէտ, Դաշնակցային հարկային ծառայութեան ղեկավար Միխայիլ Միշուսթինը: Անոր թեկնածութեան մասին տարածուած լուրերէն ետք […]