Արցախի ՄԻՊ-ը Արձագանգած է Ատրպէյճանի ԿԸՅ-ի Յայտարարութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքների պաշտպան Արտակ Բեգլարեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի այն յայտարարութեան, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ատրպէյճանի ԿԸՅ-ն յայտարարած է, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ Ատրպէյճանի ընտրութիւններուն: Ես հիացած եմ այս վեհանձնութեամբ: Ատոր փոխարէն թող մտածեն հայաֆոպիայի, երկրէն ներս մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան մակարդակի մասին: Վստահ եմ, որ ատրպէյճանցիներուն թոյլ պիտի տրուի մասնակցիլ Արցախի ընտրութիւններուն, եթէ ստանան մեր քաղաքացիութիւնը»,- գրած է Արտակ Բեգլարեան Twitter-ի իր էջին վրայ:

Նշենք, որ 2020 Ապրիլին Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ:

Իսկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Ատրպէյճանի մէջ պիտի կայանան 2020 Փետրուար 9-ին: