Անհրաժեշտ է Ճանչնալ Պաքուի եւ Սումգայիթի Մէջ Հայերի Ցեղասպանութիւնը․ Քերոլայն Քոքս

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայերու ցեղասպանութիւն իրականացած է Պաքուի, Սումգայիթի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ անիկա պէտք է ճանչնալ, որպէսզի նման բանը անպատիժ չշարունակուի։

Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը՝ ելոյթ ունենալով «Մոռցուած փախստականներ․ ի՞նչ կատարուած է Պաքուի հայերուն հետ» համաժողովին ընթացքին, որ Փետրուար 5-ին իրականացած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ։

Ան յիշեցուցած է, որ Արցախ այցերուն պատճառով ինքը կը գտնուի Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին վրայ։

«Ես գիտեմ մարդիկ, որոնք Պաքուի ջարդերուն պատճառով փախած են Մեծ Բրիտանիա»,- ըսած է Քերոլայն Քոքս՝ աւելցնելով, որ իրավիճակը Ատրպէյճանի մէջ այն տարիներուն «ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան հրաշալի պատկեր չէր», ինչպէս զայն կը փորձեն ներկայացնել համաժողովի ատրպէյճանցի մասնակիցները։

Համաժողովին ընթացքին ներկայացուած են Պաքուի փախստականներու պատմութիւնները։ Անոնց մէջ եղած է 90-ականներու սկիզբը Ատրպէյճանը լքած Աննա Աստուածատրեան-Տիւրքոտը։ Անոր խօսքերով՝ շատերը ունին սարսափելի յիշողութիւններ, թէ ինչպէս ստիպուած էին փախչիլ եւ փրկուիլ։ «Շատերու ոգին կոտրուած էր, շատերու կեանքը ոչնչացուած էր՝ 350,000 մարդու կեանք, այնպէս ինչպէս ես եմ»,- նշած է ան։

Պատասխանելով ատրպէյճանցի մասնակիցի այն ակնարկին, թէ նման հանդիպումները չեն նպաստեր «խաղաղութեան կառուցման», Աննա Աստուածատրեան նշած է, որ իր կեանքը փրկած է ատրպէյճանուհի մը, որ նոյնիսկ չէր հասկնար զինք, քանի որ ռուսերէն չէր գիտեր։ «Խաղաղութեան կառուցման համար ամենակարեւորը ճշմարտութիւնն է»,- ընդգծած է ան։

Պրիւքսէլի համալսարանի փրոֆէսըր Դաւիթ Պապաեւը, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոխորհրդարանին հարթակ տրամադրելու համար, «որպէսզի արտայայտուի 1990-ին Պաքուն ստիպողաբար լքած հայ փախստականներու մասին մեր մտահոգութիւնը»։

«Այդ գազանութիւնները՝ բռնութիւնը, ահաբեկումը, բռնաբարութիւնը, սպանութիւնը եւ մարդոց ողջ-ողջ այրելը պէտք չէ անպատիժ մնան»,- աւելցուացծ է ան։

Համաժողովը կազմակերպուած էր Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի եւ ԵՄ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան կողմէն։