ՀՀ Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած է Յորդանանի Թագաւորի Դիմաւորման Պաշտօնական Արարողութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է  պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած՝ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր, Նորին Արքայական Մեծութիւն Ապտալլահ Երկրորդ Ըպն ԱլՀուսյյն Ալ Հաշիմիի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Զինուորական նուագախումբին կատարումով հնչած են Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգերը:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդը պատուոյ պահակախումբի հրամանատարին ուղեկցութեամբ կատարած են զինուորական նուագախումբի եւ պատուոյ պահակախումբի ստուգայց։ Նախագահն ու թագաւորը իրարու ներկայացուցած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններն ու ընդունած են պատուոյ պահակախումբին քայլերթը: