Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Չարտօնել, Որ Թրամփը Կրճատէ Արցախին Յատկացուելիք Օգնութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հայերուն կոչ ուղղած է` աշխուժ քայլեր առնելու, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսին դիմած է այլ երկիրներուն յատկացուող ելեւմտական օժանդակութիւնը 21 առ հարիւրով կրճատելու:

«Այժմ, ինչպէս երբեւէ, անհրաժեշտ է, որ Քոնկրեսը փրկէ Արցախին յատկացուելիք օժանդակութիւնը: Ձեր ծերակուտականներն ու ներկայացուցիչները ատիկա պիտի ընեն, եթէ դուք` ձեր ընտանիքներն ու ընկերները, անոնց մղէք գիտակցելու, որ ատիկա ձեզի համար առաջնային խնդիր է»,- ըսուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: