Կարմիր Ժամուց Պատրիարք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՅՈՎՍԷՓ ՍԵՖԵՐԵԱՆ


Պոլսահայ համայնքը, վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակին ապ­­րած վե­­րիվայ­­րումնե­­րու գայ­­թակղու­­թիւննե­­րէն կը թո­­ւին լու­­ծո­­­ւած ըլ­­լալ… Այժմ, եւ վեր­­ջա­­­պէս, ու­­նինք նո­­րըն­­տիր Պատ­­րիարք, որ պէտք է որ­­պէս նոր նա­­ւապետ, այս փո­­թոր­­կոտ ծո­­վուն մէջ, առաջ­­նորդէ այս «միլ­­լէ­­­թը» դէ­­պի խա­­ղաղ որը բա­­րօր նա­­ւահան­­գիստ…

Դիւ­­րին գործ չէ… Շատ պատ­­ճառնե­­րով։

Նախ այս «միլ­­լէ­­­թը», իւ­­րա­­­յատուկ է եւ չի նմա­­նիր ու­­րիշ հայ հա­­մայնքնե­­րու՝ լի­­բանա­­նահայ ըլ­­լա­­­լը հեշտ է, նոյ­­նը կա­­րելի ըսել սու­­րիահա­­յուն հա­­մար, եգիպ­­տա­­­հայուն, յոր­­դա­­­նանա­­հայուն, ամե­­րիկա­­հայուն, գա­­նատա­­հայուն եւ այսպէս միւս բո­­լորին՝ Եւ­­րո­­­պա հաս­­տա­­­տուած­­նե­­­րուն, Լա­­տինա­­կան Ամե­­րիկա եւ Աւստրա­­լիայի մէջ բոյն դրած հայ­­կա­­­կան օճախ­­նե­­­րուն հա­­մար։ Սա­­կայն մեր «միլ­­լէ­­­թը» ու­­րիշ է, եւ կան նոյ­­նիսկ մտա­­ծող­­ներ, որ անի­­կա սփիւռք չէ։ Ի՞նչպէս կա­­րելի է դա­­րերով հիմ­­նա­­­ւորո­­ւած իրենց մայր հո­­ղին վրայ, մեր եղ­­բայրնե­­րուն եւ քոյ­­րե­­­րուն դա­­սել որ­­պէս սփիւռք։ Դժո­­ւար է, շատ դժո­­ւար է ըլ­­լալ թէ թրքահ­­պա­­­տակ եւ թէ հայ (Հրանդ Տին­­քը վկայ)։ Մեր մէ­­ջի յո­­ռետես­­նե­­­րը այս գա­­ղու­­թը կը նկա­­տեն որ­­պէս պա­­տանդ Թուրք կա­­ռավա­­րու­­թեան ձեռ­­քը, իսկ շատ քիչ լա­­ւատես­­նե­­­րը կը նկա­­տեն որ­­պէս միջ­­նորդը, ապա­­գայի հաշտ ու պայ­­ծառ հա­­րեւա­­նու­­թեան։

Գործդ շատ դժո­­ւար է Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հայր։ Աս­­տո­­­ւած քեզ օգ­­նա­­­կան…

Կ՚ու­­զեմ գա­­հակա­­լու­­թեանդ առի­­թով, քեզ հետ կի­­սուիլ, եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Մես­­րոպ Սրբա­­զանին հետ ու­­նե­­­ցած վեր­­ջին հան­­դի­­­պումս… Գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րու պա­­տուի­­րակու­­թեան մը հետ եկած էինք Իս­­թանպուլ, երբ CNN Türk-էն հրա­­ւէր ստա­­ցայ, Ման­­շէթ ծրա­­գիրին ներ­­կայ ըլ­­լա­­­լու, ու­­ղիղ եթե­­րով զրոյց ու­­նե­­­նալու նշա­­նաւոր լրագ­­րող Մեհ­­մետ Ալի Պի­­րան­­տի հետ։ Հան­­դի­­­պու­­մը բա­­րեյա­­ջող էր, եւ հայ դա­­տի ու ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ որոշ լու­­սա­­­բանու­­թիւններ փո­­խան­­ցո­­­ւած եղաւ հան­­րութեան։

Ար­­դիւնքէն շատ գոհ մնա­­ցած էր Պատ­­րիար­­քը եւ զիս հրա­­ւիրեց Պատ­­րիար­­քա­­­րան ու հա­­ճելի երե­­կոյ մը ան­­ցուցինք միասին։ Հիւ­­րընկա­­լու­­թեան աւար­­տին, սուրճի ատեն, Սրբա­­զանը հար­­ցուց, եթէ California Courier-ի ամե­­րիկա­­հայ խմբա­­գիր Սա­­սու­­նեանը կը ճանչնամ։ Այո, ըսի քա­­նի հoրս աշա­­կեր­­տը եղած է, եւ կնոջս դա­­սըն­­կե­­­րը։ «Ու­­րեմն քեզ­­մէ պի­­տի խնդրեմ, որ միջ­­նորդ ըլ­­լաս եւ իր­­մէ խնդրես, որ իր թեր­­թին մէջ իմ դէմս յօ­­դուած­­ներ չգրէ»։

Պահ մը լուռ մնա­­ցի, ապա հար­­ցուցի, «Սրբա­­զան Հայր, դուք Ար­­փիարեանի «Կար­­միր Ժա­­մու­­ցը» կար­­դա­­­ցա՞ծ էք»։ Ո՛չ, պա­­տաս­­խա­­­նեց։ Ու­­րեմն ըսի, «Ձե­­զի կ՚ըլ­­լայ իմ նո­­ւէրս, ու Երե­­ւան վե­­րադար­­ձիս, ան­­պայման կը ղրկեմ»։ Հա­­մառօտ պատ­­մե­­­ցի գիր­­քին էու­­թիւնը՝

Հայ­­կա­­­կան գիւ­­ղի մը յե­­ղափո­­խական խառ­­նո­­­ւած­­քով ար­­ժա­­­նապա­­տիւ Տէր Հայ­­րը ըմ­­բոստ կե­­ցուածք մը կ՚ու­­նե­­­նայ։ Սուրբ Պա­­տարա­­գի ըն­­թացքին ԱԶԱ­­ՏՈՒ­­ԹԻՒՆ ԵՂ­­ԲԱՅՐԱՑ ՄԵ­­ՐՈՑ ԳԵ­­ՐԵԼՈՑ-ը շեշ­­տա­­­ւորած կ՚ար­­տա­­­յայ­­տէ, թա­­ղական­­նե­­­րը դժգո­­հու­­թիւն կը ցու­­ցա­­­բերեն իր ընդհա­­նուր կե­­ցուած­­քին վե­­րաբե­­րեալ։ Գիր­­քի վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան սա­­կայն, իրար կը գնա­­հատեն, եւ յե­­ղափո­­խու­­թիւնը եւ դի­­ւանա­­գիտու­­թիւնը իրար լրա­­ցու­­ցիչ տար­­րեր ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քը ի յայտ կու գայ որ­­պէս «Կար­­միր ժա­­մուց», տրուած գու­­մար։

Պատ­­րիար­­քին ըսի, որ Յա­­րու­­թին պի­­տի չփո­­խան­­ցեմ իր խնդրան­­քը։ «Դուք ձեր գոր­­ծը ձեր խիղ­­ճի ճամ­­բով ըրէք, ինչպէս յար­­մար կը տես­­նէք, բայց Յա­­րու­­թը եւ իր նման­­նե­­­րը իրենց խղճի ճամ­­բով պի­­տի ընեն ինչ որ պէտք է ընեն, եւ իրար պի­­տի յար­­գենք առանց իրար­­մէ վշտա­­նալու»։ Պատ­­րիար­­քը հասկցաւ եւ գլու­­խը շար­­ժեց հո­­գոց մը հա­­նելով… Աս­­տո­­­ւած հո­­գին լու­­սա­­­ւորէ։

Այժմ եկած էք փո­­խարի­­նելու Մես­­րոպ Սրբա­­զանը, ձեր գա­­լուստը բա­­րի։ Գի­­տենք, որ ձեր հրա­­պարա­­կային որոշ ելոյթնե­­րը պար­­տադրո­­ւած պի­­տի ըլ­­լան, սա­­կայն չափն ու կշի­­ռը միշտ փոր­­ձէք պա­­հել եւ հա­­յերուն ար­­ժա­­­նապատ­­ւութիւ­­նը չվի­­րաւո­­րել։ Միւս կող­­մէ, ըմբռնու­­մով մօ­­տեցէք ըլ­­լա­­­լիք քննա­­դատու­­թիւննե­­րուն։

Եթէ Կար­­միր Ժա­­մու­­ցը չէք կար­­դա­­­ցած, ան­­պայման կար­­դա­­­ցէ՛ք, որով­­հե­­­տեւ դուք այս ու հե­­տեւ, Հո­­վիւ՝ քաջ եւ առաջ­­նորդ, կար­­միր ժա­­մուց Պատրիարք էք։