Նիկոլ Փաշինեան եւ Ապտալլահ Երկրորդը Քննարկած են Տնտեսական Կապերու Զարգացման Վերաբերող Հարցեր

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան տան մէջ հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր, Նորին Արքայական Մեծութիւն Ապտալլահ Երկրորդ Ըպն ԱլՀուսէյն Ալ Հաշիմին: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով Յորդանանի թագաւորը՝ վարչապետը յատկապէս նշած է, թէ Յորդանանի հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են մեր երկրի համար, քանի որ  Միջին Արեւելքն ու Յորդանանը՝ Հայաստանի համար՝ կը համարուի ռազմավարական գործընկերութեան ուղղութիւն: Վարչապետը ուրախութիւն յայտնած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար, եւ նշած,- «Մենք արդէն յստակեցուցած ենք արդիւնքները, ունինք քանի մը առանձնայատուկ ուղղութիւն, որոնք երկկողմանի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Ես նաեւ ուրախ եմ, որ Ձեր հետ եկած է գործարարներու պատուիրակութիւն, եւ մենք կը պատրաստուինք ստորագրել յստակ փաստաթուղթ մեր յարաբերութիւնները առաւել լաւացնելու եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար»:

Ապտալլահ Երկրորդ, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար եւ յոյս յայտնած, թէ երկու երկիրներու միջեւ եղած առանձնայատուկ բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի աւելի պայծառ եւ ջերմութեամբ։ «Մենք հպարտ ենք, որ իրարու հետ կիսած ենք պատմութիւնը: Մենք դեռ միասին շատ ընելիքներ ունինք։ Ես շատ լաւատես եմ եւ հիացած եմ Ձեր ընդունելութեամբ»:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-յորդանանեան տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս տնտեսութիւնը ունի զարգացման լաւ միտումներ եւ երկրին մէջ ստեղծուած է բարենպաստ տնտեսական միջավայր: Վարչապետը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է յորդանանեան գործարարութեան եւ դրամագլուխի ներգրաւմամբ ու փոխգործակցութեան լաւ հեռանկարներ առկայ են տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ:

Ապտալլահ Երկրորդի խօսքով՝ իր երկրի կառավարութիւնը եւս շահագրգիռ է Հայաստանի հետ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացմամբ ու իրենք հետաքրքրուած են զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեամբ:

Կողմերը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին եւ ընդգծած հիմնախնդրի՝ բանակցային ճանապարհով լուծման կարեւորութիւնը:

Ապտալլահ Երկրորդը վարչապետ Փաշինեանը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Յորդանան: