Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հիւրընկալած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան Թագաւորը

Աշխարհ, Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Փետրուար 11-ին, հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր Նորին Մեծութիւն Ապտալլահ Երկրորդ Ըպն ԱլՀուսէյն Ալ Հաշիմին: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Ողջունելով Յորդանանի թագաւորի այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ այս այցելութիւնը առաւել պիտի զօրացնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները՝ մեծապէս նպաստելով յետագայ սերտ գործակցութեան:

«Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ հաստատեց հայ համայնքի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նկատմամբ Յորդանանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքը իբրեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու լաւագոյն դրսեւորում:

Զրոյցին ընթացքին Հայոց Հովուապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները կրցած են վերագտնել իրենց բնականոն կեանքը Յորդանանի մէջ՝ գալիքի հանդէպ յոյսով ու լաւատեսութեամբ իրենց օգտաշատ ներդրումը բերելով երկրի առաջընթացին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նկատեց, որ Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Յորդանանի հայ համայնքի կեանքը կրլզն եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան լաւագոյն օրինակը ըլլզլ շատ ազգերնւ համար՝ քրիստոնէութիւն-իսլամ եւ այլ միջկրօնական յարաբերութիւններու կառուցման գործին մէջ:

Իր հերթին, Նորին Վսեմութիւն թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդը ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման առիթով՝ խօսելով մասնաւորաբար քրիստոնեայ ու իսլամ ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններուն եւ այդ առնչութեամբ իր նախնիներուն դաւանած համոզումներուն մասին։

Անդրադառնալով հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութեան Յորդանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ՝ թագաւորը յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի հետ կապերու զարգացումով պիտի զօրանայ նաեւ Յորդանանի հայ համայնքը։ Յորդանանի թագաւորը վերահաստատեց նաեւ իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու զօրակցութիւնը Հայոց Եկեղեցիին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան։

Նորին Վսեմութիւնը նշեց, որ Հայաստանն ու Յորդանանը համագործակցութեան շատ հնարաւորութիւններ ունին եւ այդ յարաբերութիւններու զարգացման առումով Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւնը իր հայեացքը կ՝ուղղէ դէպի յաջորդ հարիւրամեակը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յորդանանի թագաւորին բարեմաղթեց արդիւնաւոր գահակալութիւն՝ ի փառս Յորդանանի Հաշիմեան թագաւորութեան յառաջընթացին եւ Յորդանանի ժողովուրդի բարօրութեան»,- մասնաւորապէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: