Ատրպէյճանական Կողմը Չորրորդ Զոհի Մասին Յայտնած Է

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած միջադէպին հետեւանքով զոհուած է ատրպէյճանական զինուժի զինծառայող մը եւս: Ըստ Armradio.am-ի՝ Ատրպէյճանի ՊՆ-ն յայտնած է, որ զոհուած է աւագ քսանապետ […]

ԱԳ Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած Է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարի Հետ

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ, որ Յուլիս 13-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար Սդանիսլաւ Զասի […]

Հակառակորդը Վերսկսած Է Սադրիչ Գործողութիւնները

Երկու-երեք ժամուան դադարէ մը ետք՝ առաւօտեան, հակառակորդը վերսկսած է սադրիչ գործողութիւնները՝ շարունակելով հրետակոծել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: «ԶՈւ ստորաբաժանումներուն […]

Դաւիթ Տօնոյեան Խօսած Է Ըստ Անհրաժեշտութեան՝ Նոր Բարենպաստ Դիրքեր Զբաղցնելու Մասին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մշտական կապի մէջ է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպրչիկի հետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի […]

Հայաստանը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանական Կողմի Սադրիչ Գործողութիւնները

ՀՀ ԱԳ նախարարի խօսնակ Աննա Նաղդալեան յայտարարութիւն տարածած է, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով. «Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ Յուլիս 12-ի կէսօրին սկսած ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ […]

Հայկական ԶՈւ-ն Կանխած է Ատրպէյճանցի Զինծառայողներու Կողմէ Պետական Սահմանը Խախտելու Փորձը

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները, Յուլիս 12-ին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններուն, ՈՒԱԶ մակնիշի ինքնաշարժով՝ Տաւուշի ուղղութեամբ կատարած են ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ […]

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Յանձնաժողովը Կ՛աջակցի Արցախի Ականազերծման Ծրագրի Ֆինանսաւորման

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի Յատկացումներու յանձնաժողովը առաջին քայլը ըրած է Արցախի ականազերծման ծրագիրի ֆինանսաւորումը ապահովելու հարցով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ամերիկայի «Հայ Դատի» յանձնախումբը, յանձնաժողովը ընդունած է օրենսդրական հաշուետւութիւնը՝ անուղղակիօրէն կոչ […]

Այցելութիւն Երկիր Մը, Որ Պաշտօնապէս Գոյութիւն Չունի. CNN-ի Անդրադարձը՝ Արցախին

Անոնք ունին իրենց կառավարութիւնները, անձնագիրները, քաղաքացիներուն եւ որոշ պարագաներու նոյնիսկ՝ արժոյթը: Բայց տարբեր բարդ պատճառներով աշխարհի շարք մը երկիրներ պաշտօնապէս գոյութիւն չունին, ուրիշներ նոյնիսկ քարտէսներէս դուրս են։ Այս մասին կը […]

Քոլորատոյի Նահանգապետը Ստորագրեց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատոյի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս ստորագրեց Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւններու մասին նիւթեր հանրային վարժարաններու մէջ դասաւանդել պահանջող բանաձեւը, օրէնքի ուժ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Սպիտակ Տան Կեցուածքը Չէ Փոխուած

 Պատասխանելով Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄքԷնենիի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին  կատարած ակնարկութեան մասին «Ասպարէզ»ի ներկայացուցած հարցադրումին՝ Սպիտակ տունը տեղեկացուց, թէ այդ հարցին նկատմամբ կառավարութեան կեցուածքը չէ փոխուած՝ յիշեցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան […]