Իգտիր Բնակող Ատրպէյճանցիները Հեծանիով Բողոքի Երթ Կազմակերպած Են՝ Ընդդէմ Հայաստանի

Աշխարհ, Հայաստան

Այժմեան Թուրքիոյ արեւելեան Իգտիր քաղաքին մէջ ապրող ատրպէյճանցիները փողոց ելած են՝ բողոքելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող մարտերէն։ Հեծանիւով իրականացուող բողոքի երթին միջոցով՝ անոնք իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են հայկական զինուած ուժերու գործողութիւններուն վերաբերեալ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Բողոքի շարժումը կազմակերպած են Իգտիրի հեծանիւի ակումբը եւ Իգտիրի մէջ «Թուրքիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան ընկերակցութեան ներկայացուցչութիւնը»։

Երթի մասնակիցները պարզած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները, վանկարկած հակահայկական լոզունգներ ու հնչեցուցած Հայաստանի դէմ ուղղուած կոչեր։

Իգտիրի մէջ, յիշեալ ընկերակցութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Սերտար Ունսալը յայտարարած է, որ Հայաստանին պէտք է «համարժէք պատասխան տալ» եւ, կրկնելով Ատրպէյճանին աջակցելու վերաբերեալ Թուրքիայէն հնչող յայտարարութիւնները, ըսած է, որ «Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը Ատրպէյճանի կողքին են եւ Ատրպէյճանը միայնակ չէ»։