Էրտողանի Կայսերական Յաճախանքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարք Յարութիւնեան

Թուրքիոյ նախագահը հակաճշմարտութիւն մոլուցքով կը հետապնդէ հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւն: Ոչ ոք պիտի կարենայ զսպել այդ մոլուցքը:
Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան սանձարձակ կը խօսի եւ կը գործէ, կարծէք արդէն տէր է Միջերկրականի աւազանին, միաժամանակ կը հետապնդէ Եւրոպայի վրայ տիրակալութիւն հաստատելու օսմանեան փառասիրութիւնը:
Ոտք դրած է Լիպիա:
Ոտք դրած է Սուրիոյ հիւսիսը, Իտլիպի շրջանը, ուր բանակ հաստատած է եւ ուրկէ հեռանալու միտք չունի: Իր դէմ ունի Սուրիան եւ Ռուսիան:
Սուրիոյ կառավարութիւնը մինչեւ ե՞րբ կրնայ հանդուրժել, որ իր երկրի մէկ մասը գրաւուած մնայ օտար բանակներէ:
Ի հարկէ, ծանօթ է թրքական միջամտութեան պատճառը: Ան կը ձգտի արմատախիլ ընել իր սահմաններու անմիջականօրէն միւս կողմը գտնուող իր ոխերիմ թշնամի քիւրտերուն ներկայութիւնը, որոնք թէեւ կրօնակից, բայց բիրտ ուժի վրայ հաստատուած Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան սպառնալիք կը համարուին:
Նոյն տրամաբանութեամբ ան պատերազմ հռչակած է հայոց ցեղասպանութեան ամէն ձեւի ճանաչման դէմ, քանի որ այդ ճանաչումը կ’ենթադրէ ժողովուրդի մը հայրենահանման հետեւանքով բռնագրաւուած հողերու վերադարձը անոնց իրաւատիրոջ, այսինքն՝ հայութեան:
Դէպի առաջ իր վազքի ընթացքին, կը թուի, որ անխուսափելի պիտի ըլլայ առճակատումը Սուրիոյ հետ, որուն տէր պիտի կանգնի Ռուսիան, բազմատեսակ ռազմավարական եւ ռազմագիտական պատճառներով: Եթէ տագնապը յանգի Թուրքիա-Ռուսիա առճակատման, այս անգամ Թուրքիա, իր կարգին, Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) անդամի իրաւունքով, կրնայ պահանջել, որ Ուխտի զինակցութեան անդամ երկիրները իր կողքին կանգնին՝ Ռուսիոյ դէմ: Մեծ հարցական. ի՞նչ պիտի ընեն Ուխտի անդամները, անոնք պատերա՞զմ պիտի յայտարարեն Ռուսիոյ դէմ:
Եթէ ճատրակի այս խաղը շարունակուի, բնական կերպով ան կրնայ յանգիլ նոր աշխարհամարտի մը: Ֆրանսան, Ամերիկան, Անգլիան եւ միւսները, պիտի ընդունի՞ն նման յանձնառութիւն եւ պատմական պատասխանատուութիւն:
Ռեչէփ Էրտողան, որպէս սպառնական խաղաթուղթ, միշտ իր ձեռքին ունի Թուրքիա ապաստանած միլիոնաւոր փախստական-գաղթականները, զորս կրնայ, իր դռները բանալով, Եւրոպա ղրկել եւ հոն ստեղծել ապակայուանցում: Այս սպառնալիքը բաւարար պատճառ կրնա՞յ ըլլալ ձեռք բերելու համար Ատլանտեան Ուխտի երկիրներու աջակցութիւնը: Այսինքն՝ ծունկի բերել Եւրոպան:
Բայց Եւրոպան եւ Ամերիկան, Չինաստանը եւ արաբական աշխարհը, ո՞ր օրէնքի եւ տրամաբանութեան կռթնելով, կրնան արդարացնել, կամ հանդուրժել, որ սուրիական հողամասէն տարածք մը զինու զօրութեամբ գրաւուի այլ պետութեան մը կողմէ:
Պատերազմէ խուսափելու համար, մեծ պետութիւնները կրնան աճապարարութեամբ ընդունիլ քրտական ուժերու թափանցման դէմ զինուորական-ապահովական գօտիի մը ստեղծման թրքական տրամաբանութիւնը, Իտլիպի շրջանը Թուրքիոյ կցուած տեսնելու, արգիլելու համար ներսի եւ դուրսի քիւրտերու գործակցութիւնը: Բայց Թուրքիա իրապէս պէտք ունի՞ այսպէս կոչուած ապահովութեան գօտիի, թէ՞ այդ գրաւումը մաս կը կազմէ ծաւալապաշտական իր ռազմավարութեան, որ հոն կանգ առնելու միտում չունի, կը ձգտի տարածուիլ միջին ասիական երկիրներ, մինչեւ Չինաստան: Իր օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու երազի ճամբուն վրայ, Էրտողանի եւ թուրք ազգայնականութեան համար ռազմաքաղաքական եւ գաղափարաբանական թշնամի են քիւրտերը, եւ եթէ կարենան, զանոնք կ’արժանացնեն հայոց ճակատագրին՝ բնաջնջումով եւ հայրենահանումով: Այս համաթուրանականութեան (փանթիւրքիզմ) բացորոշ վերադարձն է:
Աշխարհի խաղաղութեան սպառնալիք դարձած է  Էրտողան, այդ սպառնալիքին մեղսակից են բոլոր անոնք որոնք մատներու արանքէն կը դիտեն կացութիւնը: Արեւմուտքը ինքզինք հոգեբանական անզօրութեան դատապարտած է այլեւս բացորոշ դարձած թրքական սպառնալիքներուն դիմաց: Էրտողան հետեւողականօրէն, 2003ին իր իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր, անարգել կը տարածէ իր ազդեցութեան գօտիները, զորս մինչեւ այսօր Արեւմուտքը իր մենաշնորհը կը կարծէր:
Ռուսիոյ նկատմամբ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ունեցած վերապահութիւնները դարձած են անուղղակի քաջալերանք թրքական ծաւալապաշտական նկրտումներուն: Ֆրանսա երբեմն ափսոսանք կը յայտնէ, երբեմն կը խօսի Թուրքիոյ պատմական եւ ոճրային պատասխանատութիւններուն մասին: Բայց թրքական բանակը կը շարունակէ ներկայութիւն ըլլալ Սուրիա եւ Լիպիա: Թրքական նաւատորմի պաշտպանութեան ներքեւ, կիպրական եւ յունական ծովային տարածքին մէջ Թուրքիա կազի որոնման նպատակով հորահատումներ կ’ընէ, անտեսելով Ատլանտեան Ուխտի անդամ Ֆրանսայի նաւատորմի ներկայութիւնը:
Թուրքիա, ինչպէս անցեալին, քաղաքական իր հովանիին տակ կը ձգտի համախմբել իսլամական աշխարհը, մանաւանդ շահագործելու համար Ծոցի երկիրներու նաւթը եւ անկէ ստացուած նիւթական լայն միջոցները: Բայց արաբները կրնա՞ն մոռնալ, որ իրենք ենթարկուած էին թրքական տիրապետութեան եւ կրցան անջատուիլ կայսրութենէն միայն առաջին աշխարհամարտէն ետք: Կրնա՞ն կրկին ընդունիլ ենթարկուիլ թրքական տիրապետութեան:
Այսօր արեւմտեան աշխարհը կը դիմակայէ հետզհետէ աճող թրքական վտանգը:
Իրաւ խաղաղութեան մը հաստատման համար պէտք է վերադառնալ հարիւր տարի ետ եւ գործադրել Խաղաղութեան Վեհաժողովին նպատակային որոշումները, որոնց հաւաքաբար դաւաճանեցին Սեւրի դաշնագիրը փոխարինելով Լոզանի բարոյական եւ խաղաղութեան արժէքներու ուրացման դաշնագրով:
Հայերու, քիւրտերու, ասորիներու, ալեւիներու եւ Թուրքիոյ կողմէ տիրապետուած բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնումը երաշխքիք է ճշմարիտ խաղաղութեան: Եթէ Արեւմուտքը չհասկնայ այս պարզ ճշմարտութիւնը, ոչ հեռաւոր օր մը սուղ պիտի վճարէ, եւ Թուրքիան, շարունակելով իր արշաւը, Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն տասնըվեց դար ետք, եւ Վիեննայի դռներէն հեռացուելէ չորս դար ետք, կրնայ յայտնուիլ Հռոմի դռներուն, բանալով Եւրոպայի տիրացման ճամբան:
Թրքական վտանգը, կարելի չէ չեզոքացնել, կարելի պիտի չըլլայ չեզոքացնել կիսամիջոցներով: Վաղը միշտ աւելի դժուարութեամբ: Այդ վտանգը վաղը աւելի մեծ պիտի ըլլայ, երբ Թուրքիա յաջողի, վերստեղծէ նորօսմանական կայսրութիւնը սուլթան Էրտողանի մականին տակ խմբելով նաեւ միջին Ասիոյ թրքացեղ ժողովուրդները, որոնք, մօտիկ անցեալին, կը հակակշռուէին սովետին կողմէ:
Վտանգ՝ Եւրոպայի, որուն մաս կը կազմէ Ռուսիան: Այս կէտը լաւ կ’ըլլայ յաճախ յիշել եւ յիշեցնել:
Խաւարի օրերու գուշակ պէտք չէ ըլլալ: Բայց բոլոր տուեալներ առկայ են համաշխարհային մեծ բռնկումի մը, որ կրնայ ըլլալ Երրորդ կամ Վերջին Աշխարհամարտ մը:
Թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր յաջորդելու կոչուած խաղաղութիւնը, ֆաքիրի մը կամ շամանի մը պէտք է դիմել, ոչ մեր գերարդիական համակարգիչներուն, գիտնալու համար:
Մարդիկ կրնան անցելապաշտութիւն համարել, կամ պարզապէս քաղաքական տհասութիւն, եթէ ըսուի, որ պէտք է վերադառնալ Առաջին Աշխարհամարտի Խաղաղութեան վեհաժողովին եւ անկէ բխած Սեւրի դաշնագրին, որուն դաւաճանելով, զէնքի եւ նաւթի վաճառականները, մարդկութիւնը առաջնորդեցին երկրորդ աշխարհամարտին, որուն աւարտին կրկին փակագիծի մէջ դրուեցան Խաղաղութեան Վեհաժողովի քաղաքական բարոյականութեամբ որդեգրուած որոշումները:
Այս վերադարձը եթէ տեղի չունենայ, հարկ կ’ըլլայ մեծ գին վճարել: Վաղը աւելի մեծ գին:
Թուրքիա այսօր Եւրոպայի կը սպառնայ միլիոնաւոր գաղթականներով, զորս իր հողին վրայ պահելու համար միլեառներ ստացաւ, դժբախտներու տրուած ապաստանը վերածելով հասութաբեր աղբիւրի: Թուրքիոյ միջազգային չարաշահման նորագոյն ոճը:
Եթէ տրուեցան միլեառներ, ինչո՞ւ վաղն ալ պիտի չտրուին այդ միլեառները, Եւրոպան դարձնելով կաթնտու կով:
Մինչեւ ե՞րբ…

Related