Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Արձագանգէ Ատրպէյճանի Յարձակման. Սպանիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Սպանիոյ խորհրդարանի քաթալոնացի պատգամաւոր Մարթա Ռոզիկ Twitter-ի իր օգտահաշուին՝ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան՝ արձագանգելու Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ սահմաններուն նկատմամբ ոտնձգութիւններուն եւ սադրիչ յարձակումներուն ու իր աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւորներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն։

«Ես իմ աջակցութիւնս կը յայտնեմ Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւոր իմ գործընկերներուն` կապուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջին օրերուն տեղի ունեցող բռնութեան աճին հետ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է արձագանգէ Ատրպէյճանի յարձակման` յանուն մարդու իրաւունքներու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան»,- գրած է Ռոզիկ: