Բո­ղո­քի Ցոյց Ա­թէն­քի Մէջ Ատրպէյ­ճա­նի Դես­պա­նա­տան Դիմաց (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր ձայ­նը բարձ­րա­ցուց ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ.

­Հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ՝ ­Տա­ւու­շի շրջա­նի մէջ ա­զե­րիա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ իր ազ­դու խօս­քը բարձ­րա­ցուց յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, մաս­նակ­ցե­լով բո­ղո­քի ցոյ­ցին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Յու­լիս 2020ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ օր»-էն։

­Ցոյ­ցի կազ­մա­կեր­պիչն էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը, որ հա­մա­ցան­ցի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցով, կոչ ուղ­ղեց բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մաս­նակ­ցիլ ցոյ­ցին եւ ազ­դու կեր­պով դէմ կանգ­նիլ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ իր վեր­ջին ծա­ւա­լու­մով անհ­րա­ժեշտ պա­տաս­խա­նը ա­ռաւ, շնոր­հիւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու մար­տունակու­թեան եւ յա­ջող հա­կա­դարձ­ման։ Ո­րո­շեալ ժա­մուն, ա­ւե­լի քան 400 հայ­րե­նա­կից­ներ ար­դէն գրա­ւած էին Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ ու շուր­ջը գտնո­ւող ճամ­բա­նե­րը, մինչ ոս­տի­կա­նա­կան յատուկ ջո­կատ մը կանգ ա­ռած էր շէն­քին եր­կայն­քին։

­Բո­ղո­քի ցոյ­ցի ո­գին եւ շուն­չը հան­դի­սա­ցան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք Ե­ռա­գոյն եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ մեծ ու փոքր պաս­տառ­նե­րով ազ­դան­շա­նը տո­ւին ցոյ­ցի մեկ­նար­կին։

­Հա­ւա­քի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը բա­ցա­գան­չեց յատ­կան­շա­կան լո­զունք­ներ, դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­զե­րի բա­նա­կի ո­ճիր­նե­րը խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ, յի­շեց­նե­լով թէ Ար­ցա­խը հայ­կա­կան է՛ ու պի­տի մնա՛յ, մինչ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յա­տուկ կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ սադ­րանք­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։

­Յատ­կան­շա­կան էր, որ դես­պա­նա­տան շէն­քի տա­նի­քէն եւ պա­տու­հան­նե­րէն, ա­զե­րի պաշ­տօ­նեա­ներ կը լու­սանկա­րէին ցոյ­ցի ըն­թացքն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը, ստա­նա­լու հա­մար ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դի ար­հա­մա­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­նու­նով, ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան բարձ­րա­խօ­սով ներ­կա­յա­ցուց ­Տա­ւու­շի մէջ կա­տա­րո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ դա­տա­պար­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի սպառ­նա­լիք­ներն ու զի­նուո­րա­կան յար­ձա­կում­նե­րը, որ ան­տե­սե­լով հա­մա­վա­րա­կի հա­մար Մ.Ա.Կ.ի կող­մէ ընդ­հա­նուր զի­նա­դա­դա­րի կո­չը, այս ան­գամ փոր­ձեց թա­փան­ցել ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս, սա­կայն հա­յոց բա­նա­կի պա­տ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ետ մղեց թշնա­միի ա­մէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թիւն։
Ան նաեւ յայտ­նեց, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին, հա­յու­թիւ­նը, մէկ բռունցք ե­ղած, ոտ­քի կանգ­նած է, մնա­լով մեր քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րու կող­քին եւ բարձ­րաց­նե­լով բո­ղո­քի իր ձայ­նը՝ տէր կանգ­նե­լու հա­մար հայ ազ­գի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ա­նու­նով ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան անդ­րա­դար­ձաւ անցնող օ­րե­րու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ շեշ­տը դրաւ աշ­խար­հաս­փիւռ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թեան՝ լու­սա­բա­նե­լու եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րը եւ հան­րա­յին կար­ծի­քը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առն­չու­թեամբ։

Ան նաեւ մատ­նան­շեց, թէ մեծ թի­ւով հա­յա­գա­ղութ­նե­րու մէջ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Հայ դա­տի միա­ւոր­նե­րը յա­ջող ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­ցին, կեդ­րո­նաց­նե­լով հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­զե­րիա­կան ոտնձգու­թիւն­նե­րու դա­տա­պարտ­ման վրայ։

­Տեղ­ւոյն վրայ նշո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կա­տա­րո­ւած քայ­լե­րը հել­լէն պե­տա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, ո­րոնց հա­մար ար­դէն ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծօն­նե­րը ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նած են։

­Մօտ ժամ մը տե­ւած ցոյ­ցը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րով, ո­րոնք միա­բե­րան եր­գո­ւե­ցան ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։