Սթրազպուրկի Մէջ Ոստիկանները Ատրպէյճանցիներուն Թոյլ Չեն Տուած Մօտենալ ԵԽԽՎ Հայաստանի Ներկայացուցչութիւն

Աշխարհ, Սփիւռք

Սթրազպուրկի մէջ ոստիկանները ատրպէյճանցի ցուցարարներուն թոյլ չեն տուած մօտենալ ԵԽԽՎ Հայաստանի ներկայացուցչութիւն:  Նախապէս հոն հասած էին Ֆրանսայի հայերը, որոնք հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճան կողմէ հրահրուած լարուածութեան պատճառով միասնութեան ցոյց կ՛իրականացնէին հայրենասիրական երգ ու պարի ուղեկցութեամբ: 

Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ զրոյցին մասնակից, Հայորդի երիտասարդաց միութեան նախագահ Դաւիթ Յովսէփեան ըսած է, որ ցոյցին մասնակցած է 250-300 հայ: «Հաւաքուած էինք այնտեղ, որպէսզի ցոյց տայինք, որ հայերը ամէն վայրկեան  պատրատ են  համախմբուելու: Ատրպէյճանցիները պիտի ըլլային մեր հիւպատոսարանի դիմացի մայթը, բայց մենք այնքան շատ էինք, որ ոստիկանութիւնը անոնց թոյլ չտուաւ մօտենալ շէնքին: Զանոնք մօտաւորապէս 150 մ․ հեռաւորութեան վրայ կը պահէին»,- պատմած է Յովսէփեան:

Ան նշած է, որ ցոյցին հայ մասնակիցներուն դիմաց մօտ 3 կամ 4  ոստիկան կանգնած եղած է, իսկ ատրպէյճանցիներուն մօտ եղած են 2-3 մեքենայով ոստիկաններ, որոնք փակած են ճանապարհները, քանի որ գիտէին, թէ որոնք են իրական նախայարձակները: 

Ճանապարհները փակելէն ետք ոստիկաններէն մէկը մօտեցած է Յովսէփեանին ու տեղեկացուցած, որ ատրպէյճանցիներուն թոյլ պիտի չտան մօտենալու կառոյցին եւ զանոնք հեռու պիտի պահեն: «Մենք կրկին յաղթող դուրս եկանք, քանի որ ատրպէյճանցիները հիւպատոսարանի շէնքի դիմաց կանգնելու թոյլտւություն ունէին, իսկ մենք չունէինք, բայց ամէն ինչ այնպէս եղաւ, ինչպէս մենք կը ցանկայինք: Անոնք մեր դրօշէն շատ հեռու մնացին: Մենք մեր ներկայութեամբ թոյլ չտուինք, որ ատրպէյճանցիները մօտենան մեր կառոյցին, մեր դրօշին: Ատիկա մեզի համար եւս յաղթանակ է, ու անոնք պէտք է հասկնան, որ սփիւռքի հայերուն դէմ եւս ոչինչ կրնան ընել: Ինչպէս առաջնագծին վրայ կը ջախջախին հերոս զինուորներուն կողմէ, այնպէս ալ պիտի ջախջախին սփիւռքի կողմէ»,-շեշտած է ան ու աւելցուցած, որ բախումներ չեն եղած, իսկ ցոյցէն ետք ոստիկանները հայերուն շնորհակալութիւն յայտնած են կարգուկանոն պահպանելու համար: