Վալերի Պուայէ Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Ատրպէյճանին Յարձակումին

Աշխարհ

Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ նամակ յղած է երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:

Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ պատգամաւորին «Ֆեյսպուք»-ի էջէն:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բախումներու վերսկսումէն ետք ես գրած եմ Հանրապետութեան նախագահին: Ես նաեւ կը դատապարտեմ Թուրքիոյ՝ Ատրպէյճանի նախագահին անսասան աջակցութիւնը, որ կը սպառնայ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղ գործընթացին»,- յայտնած է ան:

Ան նաեւ խնդրած է Ֆրանսայէն եւ Եւրոմիութենէն հաստատել հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման հասնելու հրամայականը: