Քոնկրէսական Փալոնի` Ազգային Պաշտպանութեան Յատկացումներու օրինագիծին Մէջ Փոփոխութեան Առաջարկը Ընդունուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած է պաշտպանութեան յատկացումներու օրինագիծին մէջ փոփոխութիւններու մասին փաթեթը, որ կը ներառէ Հայկական յանձնախումբի համանախագահին առաջարկը։

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է 2021-ին Ազգային պաշտպանութեան յատկացումներու մասին օրինագիծին մէջ օրէնսդրական շարք մը փոփոխութիւններու փաթեթը: Քոնկրէսի Հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն առաջարկած փոփոխութեան օրինագիծը, կապուած ամերիկեան ռազմական օգնութեան հետ, ընդգրկուած էր Ազգային պաշտպանութեան յատկացումներու մասին օրինագիծի փաթեթին մէջ:

Ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ին՝  Փալոնի առաջարկած փոփոխութիւնը կը նախատեսէ, որ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, համագործակցելով արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, զեկոյց ներկայացնէ Քոնկրէսին` «Գործընկերներու կարողութիւններու ամրապնդում» պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագրի 333-րդ կէտով ամերիկեան ռազմական օգնութիւն ստացած օտարերկրեայ պետութիւններու ռազմական զօրամիաւորումներու մասին, որոնց նկատմամբ կայ կասկած, որ անոնք կը խախտեն միջազգային իրաւունքը կամ մարդու իրաւունքներու դրոյթները ռազմական օգնութիւն ստանալէն առաջ կամ ընթացքին: Զեկոյցը կը ներառէ նաեւ մարդու իրաւունքներու բարելաւման ուղղուած առաջարկներ, որոնք այս տեսակի խախտումները կանխելուն կը նպաստեն:

Փալոն կարեւոր համարած է օրէնսդրական փոփոխութեան ընդունումը, յատկապէս երբ, ըստ քոնգրէսականին, Ատրպէյճան կը սպառնայ Հայաստանին: Պէտք է վստահ ըլլանք, որ ամերիկեան արտաքին օգնութիւնը չի հակասեր մեր արժէքներուն ինչպէս տունը, այնպէս ալ դուրսը, նշած է հայկական յանձնախումբի համանախագահը իր գրասենեակի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ անոր, այս փոփոխութիւնը հիմք կը հանդիսանայ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութենէն զրկելու համար, քանի որ, ըստ անոր, Պաքուն ունի մարդու իրաւունքներու հետ կապուած լուրջ խնդիրներ եւ կը վարէ ռազմատենչ քաղաքականութիւն:

Ազգային պաշտպանութեան յատկացումներու օրինագիծի փոփոխութիւններու փաթեթի քննարկման ընթացքին քոնկրէսական Փալոնի առաջարկին իր աջակցութիւնը յայտնած է քոնկրէսական Պրետ Շերման եւ ընդգծած, որ կը միանայ փոփոխութեան, որ կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի զօրամիաւորումներու իրականացուցած մարդու իրաւոնքներու խախտումներուն: