ՀՀ Անկախութեան Տօնի «Դու Անկախ Ես» Կարգախօսով Ձեռնարկներուն Կիզակէտը Հանրապետութեան Հրապարակն է

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն կիզակէտը Հանրապետութեան հրապարակն է: Հանրապետութեան հրապարակ տանող բոլոր փողոցները հասանելի պիտի ըլլան ՀՀ քաղաքացիներուն համար, իսկ ինքնաշարժներուն համար պիտի փակուին: Սեպտեմբեր 18-ին, լրագրողներու հետ […]

Հադրութի Շրջանի Մեծ Թաղեր Գիւղին Մէջ Արցախեան Պատերազմի Զէնքի Թանգարան Պիտի Բացուի

Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի մշակոյթի տան մէջ պիտի բացուի արցախեան պատերազմի զէնքի թանգարան: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին փոխվարչապետ, «Արցախի հերոս», Արցախի նախագահի խորհրդական […]

Կարինէ Կարապետեան Ռամիլ Սաֆարովի Քրոջ Դէմ Յաղթանակը Նուիրած է Սաֆարովի Կողմէ Կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանի Յիշատակին

Խառն մենամարտերի Հայաստանի «Արմֆայթինկ» դաշնութեան մարզիկ Կարինէ Կարապետեան (կեղծանունը՝ Կատոկ, որ ռուսերէն կը նշանակէ գլանիւ մեքենայ), Թիֆլիսի միջազգային մրցաշարին ծիրէն ներս յաղթած է ատրպէյճանցի Ռենա Սաֆարովային։ Վերջինս 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ, […]

Թուրքիոյ Մէջ Ընթացող Միջազգային Մրցաշարը Հայաստանի Բռնցքամարտիկները Յաղթանակով Սկսած են

Բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամները սկսած են պայքարը Թուրքիոյ մէջ իրականացուող միջազգային մրցաշարին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ մարզիկներէն չորսը յաղթանակի հասած են թուրք բռնցքամարտիկներու նկատմամբ, իսկ Յովհաննէս Բաչկովը յաղթած է գանացի մարզիկին: Սեպտեմբեր […]

ՀՀ Մարմնամարզիկները 5 Ոսկիէ, 3 Արծաթէ եւ 5 Պրոնզէ Մետալ Նուաճած են Պաթումի Մէջ

Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ իրականացաւ «Ռուսիքօ Սիխարվլիձէի բաժակ» միջազգային մրցաշարը, ուր Հայաստանի խումբը նուաճեց 5 ոսկիէ, 3 արծաթէ եւ 5 պրոնզէ մետալ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ հաւաքականը այս մրցաշարին մասնակցեցաւ տղաներու […]

Ստեփանակերտի Անուանակոչութեան 95-ամեակը Պիտի Նշուի Մեծ Շուքով

Սեպտեմբեր 22-ին, մեծ շուքով պիտի նշուի Ստեփանակերտ քաղաքի անուանակոչութեան 95-ամեակը: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝  Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեան ըսած է, որ ձեռնարկները պիտի մեկնարկեն Ստեփան Շահումեանի պատուանդանին ծաղիկներու տեղադրումով: Այնուհետեւ, Ստեփան Շահումեանի անուան օղակաձեւ պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէս-վաճառք, «Իմ սիրելի Ստեփանակերտ» խորագիրով […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկը Ասիոյ Լաւագոյն Թանգարաններէն մէկն է` ըստ TripAdvisor-ի

Զբօսաշրջիկներու մէջ տարածուած ուղեցոյց հանդիսացող ամերիկեան TripAdvisor կայքը Ասիոյ լաւագոյն 25 թանգարաններու ցանկին մէջ (Asia’s top 25 travellers’ choice list) ընդգրկած է նաեւ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, կը հաղորդէ […]

Գէորգ Յակոբեան Պիտի Ներկայացնէ Պոլսահայ Ուսումնական Կեանքին Նուիրուած Իր Հատորը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գէորգ Պ. Յակոբեան  Սեպտեմբեր 13 -ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յովսէփ Նալպանտեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։ Մուտքը ազատ է: «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրուած այս ստուար հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ […]

Մամլոյ Ասուլիս` Նուիրուած Համազգայինի 90-ամեակի Յոբելեանական Հանդիսութեան

Սեպտեմբեր 7-ին, ժամը` 14:00-ին, Գ․ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 90-ամեակի յոբելեանական հանդիսութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսը: Բանախօսներն են` Համազգային հայ […]

Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները Տեղի Պիտի Ունենան Հոկտեմբեր 20-21-ին

ՀՀ կառավարութեան որոշումով` Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նուիրուած «էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 20-ին եւ 21-ին` Սեպտեմբեր 29-30-ի փոխարէն: Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան նշած է, որ այս […]