Մարտիրոս Սարեանի Տուն-թանգարանին Մէջ Պիտի Բացուի «Սարեանը եւ Ֆրանսան» Խորագիրով Ցուցահանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու ձեռնարկներուն ծիրէն ներս՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ, Սեպտեմբեր 19-ին, պիտի բացուի «Սարեանը եւ Ֆրանսան» խորագիրով ցուցահանդէսը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Ցուցահանդէսին՝ առաջին անգամ՝ պիտի ցուցադրուի Վարպետի յայտնի «Գազելներ» կտաւը` Մոսկուայի պետական Տրետեակովեան պատկերասրահի հաւաքածուէն, ինչպէս նաեւ «Կովկասեան քաղաքի փողոց. Թիֆլիս» կտաւը (1927 թ.)։ Վերջինին ցուցադրումը մեծ իրադարձութիւն է, քանի որ անիկա 90 տարի անց առաջին անգամ է, որ պիտի ցուցադրուի Հայաստանի մէջ:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 14: Անիկա մէկ անգամ եւս փորձ մըն է՝ ներառելու Մարտիրոս Սարեանի անունը համաեւրոպական մշակութային ծիրին մէջ: