ՀՀ Անկախութեան Տօնի «Դու Անկախ Ես» Կարգախօսով Ձեռնարկներուն Կիզակէտը Հանրապետութեան Հրապարակն է

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն կիզակէտը Հանրապետութեան հրապարակն է: Հանրապետութեան հրապարակ տանող բոլոր փողոցները հասանելի պիտի ըլլան ՀՀ քաղաքացիներուն համար, իսկ ինքնաշարժներուն համար պիտի փակուին: Սեպտեմբեր 18-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաճանեան՝ ընդգծելով, որ անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներու իրազեկման ասուլիսը նոյնպէս պիտի կազմակերպուի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

«Կ՝ուզեմ ըսել, որ այս ձեռնարկը իր տրամաբանութեամբ պիտի ըլլայ տարբեր եւ աննախադէպ՝ իր սփռուածութեամբ եւ ապակեդրոնացումով: Հանրապետութեան հրապարակ տանող բոլոր փողոցները տրամադրուած պիտի ըլլան քաղաքացիներուն, այսինքն, փակ պիտի ըլլան ինքնաշարժներուն համար: Հանդիսութիւնը պիտի իրականացուի «Դու անկախ ես» կարգախօսին տակ: Ասիկա շատ յստակ ուղերձ է: Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի թիրախ է, եւ ուղերձը յստակ կ՝ուղղուի Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի»,- ընդգծած է Աղաճանեան:

Ան շեշտած է, որ «Դու անկախ ես» կարգախօսը աւելի քան կը համապատասխանէ օրուան խորհուրդին: «Ատով իսկ մենք կ՝ուզենք ընդգծել այն պատասխանատւութիւնը, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է կրէ՝ գիտակցելով, որ ինքը անկախ է անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով»,- նշած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը:

Ներկայացնելով հանդիսութեան մանրամասնութիւնները՝ Էդուարդ Աղաճանեան ըսած է, որ պիտի ըլլայ ներառական բոլոր իմաստներով: «Այն բեմերը, որոնք պիտի գործեն դէպի հրապարակ տանող փողոցներուն վրայ, պիտի ներկայացնեն գրեթէ բոլոր ոճերու երաժշտութիւն եւ պիտի ներառեն մշակութային գրեթէ բոլոր շերտերը: Եւ այս տեսանկիւնէն ես կը կարծեմ, որ տարբերութիւն պիտի ըլլայ նախապէս կազմակերպուած հանդիսութիւններէն: Երեւի, կը յիշէք, որ կար յստակ արտիստներու խումբ մը, որոնք կ՝օգտուէին որոշ չափով մենաշնորհէն՝ ելոյթ ունենալու պետութեան կողմէն կազմակերպուած հանդիսութիւններուն: Այս անգամ մօտեցումը բոլորովին այլ է, եւ դուք պիտի տեսնէք բոլորովին նոր, երիտասարդ, տաղանդաւոր դէմքեր, որոնք անմիջական ձեւաչափի մէջ ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի քաղաքացիներուն համար»,- ըսած է ան:

Սեպտեմբեր 21-ին կը նախատեսուի նաեւ ընդունելութիւն՝ կազմակերպուած վարչապետի կողմէն: «Երեւի տեղեակ էք՝ նախապէս այդ ընդունելութիւնները, մեծ մասամբ, կը կազմակերպուէին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Այս անգամ անոնք տեղի պիտի ունենան Բաղրամեան 26 հասցէին վրայ գտնուող կառավարական շէնքին մէջ: Այդտեղ եւս ձեզ կը սպասուի բաւական հաճելի անակնկալ»,- մանրամասնած է Էդուարդ Աղաճանեան: