Մարտիրոս Սարեանի Տուն-Թանգարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» Խորագիրով Փակ Ցուցադրութիւնը

Այլեւայլ, Հայաստան

ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներու շարքին՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ այսօր կայացաւ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» խորագիրով փակ ցուցադրութիւնը: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքին, այլ դեսպաններ, մշակութային գործիչներ, հիւրեր:

«Ցուցահանդէսը մեզի` բոլորիս, եւս մէկ անգամ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ծանօթանալու սարեանական խոր աշխարհընկալման : Այսօր ներկայացուած են Սարեանի փարիզեան շրջանի գործերը, որոնք ան ստեղծած է այնտեղ անցուցած երկու կարճ տարիներու ընթացքին եւ ատոնք մեզի ծանօթ են միայն լուսանկարներու միջոցով»,- ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշած է Լիլիթ Մակունց:

Նկարիչի այս գործերը, ցաւօք, այժմ չկան. Փարիզէն տունդարձի ճանապարհին Ֆրիժի նաւի վրայ բռնկուած աղէտալի հրդեհի պատճառով:

Ցուցահանդէսին առաջին անգամ կը ցուցադրուին Վարպետին յայտնի «Գազելներ» կտաւը` Մոսկուայի պետական Թրեթեաքովեան պատկերասրահի հաւաքածուէն, ինչպէս նաեւ «Կովկասեան քաղաքի փողոց. Թիֆլիս» կտաւը (1927):

Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ սոյն թուականի Նոյեմբեր 14: