Անկախութիւնդ Շնորհաւոր՝ Սեպտեմբերեան Հայաստանս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան


Հայկ Նահապետի օրէն ի վեր մեր ժողովուրդի համար առաջնահերթ եղած է իր հայրե-նիքի ազատ եւ անկախ կեանքը: Այսպէս, Արարատի չորս կողմը տարածուող հսկայ հողամասերը, որոնք դարերէ ի վեր բազմազան ելեւէջներով կը հսկեն մեր կեանքը, այդ մեր հայրենիքն է եղած ե՛ւ է։ Այլ խօսքով, դրախտը յիշեցնող հսկայական պարտէզ մը, որ թագաւորական հարստութիւններ ունեցող երկիր մը ըլլալով հանդերձ, հալածանքներու, արշաւանքներու, երկրաշարժերու, յաղթութիւններու եւ պարտութիւնններու նիւթերով հարուստ հողատարածք մըն ալ եղած է եւ որ կոչուած է Հայաստան:

Ու այս բոլորը արդէն մեր նախակրթարանի սեղաններէն սորված էինք։ Նաեւ լաւատեղ-եակ եղած էինք, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ մենք հայերս, մեծ երազ ունեցած ենք տեսնել մեր հայրենիքի անկախ եւ ազատ վիճակը։ Ու այդ սրբազան երազանքը, մենք ուր որ ալ ապրած ենք, մեզի հետ պտտցուցած ու զայն փայփայած ենք։

Սրբազան երազանք մըն է այս մէկը, որ մեր ծնունդէն ի վեր արեան ճամբով  եւ ուժով ընկալած ենք անոր անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ մեզի համար անսակարկելի արժէք է մեր երկրին անկախութիւնը։

Հայաստան ըսի։ Եւ այս Հայաստանը բոլոր հայութեան հայրենիքն է, որ ճիշդ հարիւր տարի առաջ արհաւիրքներէն, սարսափէն եւ քաղաքական հալածանքներէն, ահարկու կոտորածներէն եւ բռնի տեղահանութիւններէն ետք, շնորհիւ իր զաւակներուն աննկուն կամքին, հաւատքին, յոյսին, անկախութեան եւ վրէժխնդրութեան ու արդարութեան համար մղուող հերոսական մարտնչումներուն, կերտած էր իր պապերու երկրի անկախութիւնը: Որովհետեւ հայը հաւատացած էր, թէ հայրենիքը դարերու երկայնքին իր ժողովուրդի ապրած այն հողն է,  որ ունի յաւերժական արժէք, իսկ անոր անկախու-թիւնն ալ՝ զայն պահող ոգին է։

Ու անկէ ետք, հայը վերապրեցաւ։ Հայը իր հողին տէրը դարձաւ: Իր արիւնով ներկեց իր ազատութեան դրօշը եւ այս ձեւով  խօսեցաւ իւրաքանչիւր հայուն:

Ահա ճիշդ այդ է մեր հայրենիքը, որ ունի հարազատ պատմութիւն, որուն ներկայիս մէկ մասը բռնագրապուած է, իսկ միւսը ազատօրէն կը շնչէ:

Եւ եթէ 20-րդ դարու սկիզբին, երբ հայը տէրը դարձածէր իր հողերուն ու անկախացած եւ ամբողջ աշխարհը զարմացուցած, հապա նոյն դարու վերջին ալ, նոյն այս հայը ամբողջ աշխարհին դարձեալ զարմացուց իր ընդվզումով, իր պահանջատիրութեամբ եւ Արցախ-եան ազատամարտին տարած իր յաղթանակով։

Վերջ ի վերջոյ անկախ երկիրը իր անկախ պետականութեամբ է, որ կ՚իրականացնէ նոյն այդ երկրին մէջ ապրող ու շնչող ժողովուրդի բոլոր երազանքները։

Արդ, ասկէ ճիշդ 27 տարիներ առաջ, հայութեան աչքերը կրկին լեցուեցան խորհրդաւոր գեղեցկութեամբ, որովհետեւ այս անգամ ծնունդ առած էր նախկինի շարունակութիւնը եղող՝ Սեպտեմբերեան իր նոր Հայաստանը: Եւ այս անկախութիւնը ժամանակի պահանջն էր: Դարձեալ նոր յոյսեր շարուեցան հայու կեանքի հորիզոններուն վրայ: Կ’ուզեմ եւ նոյն ատեն կը փորձեմ հեռու մնալ բազմաթիւ անգամներ ծեծուած խօսքերէն:

Մեր ժողովուրդի անցած պատմական ուղին կ’ապացուցանէ, թէ մենք այսօր ալ արժանի ենք ունենալ անկախ եւ ազատ մեր երկիրը, իր հզօր բանակով: Եւ ինչո՞ւ չէ։ Դարեր շարունակ բազմաթիւ սերունդներ երազած են իրականացած տեսնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը։

Ուստի մենք զմեզ հպարտ պէտք է զգանք, որ ներկայիս ականատեսներ ենք մեր անկախ հայրենիքին ու ամէն ձեւով ու առիթով անոր ներկայութիւնը կը վայելենք հաստատօրէն։ Հաւատացած ենք, որ սա անկախութիւն ըսուածը նաեւ կը նշանակէ ճանչնալ անցեալը ապրիլ եւ գործել տեսնելու համար ապագան եւ վերջապէս տիրանալ անոր:

Ապա յետոյ, այս տարուան ընթացքին, ականատես եղանք «թավշայ» յեղափոխութեան, որ նոր ոգի ու շունչ բերաւ երկրին ու նաեւ տարբեր ու որոշ վստահութիւն եւ ակնա-ծանք՝ աշխարհի աչքին։

Անկախ այս բոլորէն այսօր սակայն մեր գիտակցութեան առջեւ ներկայ է մեր էութիւնը: Ու միայն այս գիտակցութեան շնորհիւ է, որ պիտի կարենանք գտնել մեր նոր ուղին ու ճամբան, այս խառնաշփոթ աշխարհի մէջ, որովհետեւ մեզի համար ազատ հայրենիքը լոյս է, լինելութեան նշան եւ կեանքի հզօրութեան կանչ ու յատկապէս մեզ միացնող ատաղձ: Ուստի յարգը պէտք է գիտնանք։

Բայց, անգամի մը համար մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօ՞ք այսօ՛ր իսկապէս մեր ազատ ու անկախ երկրին մէջ մենք միացած ազգ ենք: Շատեր հաւանաբար ինծի պէս կը կարծէին, որ այս նոր յեղափոխութիւնը պիտի միացնէր մեզ բոլորս: Շատեր նաեւ համաձայն են, որ որ այս նոր յեղափոխութիւնը ժամանակի պահանջքն ալ էր: Կարծիքներ եւ տեսակէտներ շատ են. ինչպէս նաեւ հարցումներ՝ պատասխաններէն աւելի երկար:

Մեզի համար յստակ է, թէ ներկայիս մեր հայրենիքը բազմազան ներքին եւ արտաքին հարցեր ունի։ Հարցեր կան, անսասան պատերու նման: Շեշտաւորուած իրականութիւն է այս մէկը։

Ուրեմն՝ ի տես այս բոլորին, ներկայ Հայաստանի ձայնը պէտք է, որ ըլլայ մաքուր, հնչեղ նկարագրով: Յստակ եւ իմաստալից: Մէյ մը թղթատեցէ՛ք, մեր պատմութիւնը։ Մեզ տանջած են հարցերը եւ տակաւին կը տանջեն։ Դարերու ստուերով եւ լոյսերով ու յոյսերով կաոուցուած երկիր մը ունինք այս օրերուն, որ միշտ հանգիստ ծովու վրայ չէ նաւարկած։ Մեզի համար, այս մատնանշումներէն ետք էական է մեր խոր գիտակցու-թիւնը հանդէպ մեր ազգին, որպէսզի գտնենք մեր ճամբան:

Մէկ խօսքով՝ ոչ միայն առողջ միտքերու հոսքի կարիքը ունինք, այլ նաեւ՝ իմաստուն եւ հեռատես ղեկավարներու, հոգիի մեծութեամբ արդարամիտներու, արթուն զանգուած-ներու եւ գիտակից պատասխանտուներու, հզօր բանակի կողքին։ Տակաւին շարքը կրնայ երկարիլ։

Բոլորդ ձեր ականջի օղ ըրէ՛ք.- Հայու սրտին մէջ, Հայաստանը յուշ չի կրնար ըլլալ, այլ միայն ոգի: Տաք, առողջ եւ կայտառ: Շատ խնդիրներ յաղթահարուած ենք եւ սակայն տակաւին կը նմայ միւս շատը: Միաւորուիլ է էականը եւ հզօրանալ:

Մեզի կը մնայ վերակերտել, շէնցնել մեր այս ափ մը ազատ եւ անկախ հողամասը եւ զայն դարձնել կրկին դրախտավայր։ Մեր երկիրը պարտաւոր է պահէ իր հոգեկանը։

Զայն պէտք է պահել մեր աչքի լոյսի պէս։ Մենք հզօր ենք, երբ միակամ ենք: Վերջ՝ մեր անմիաբանութեան։

Ահա անկախ եւ ազատ Արցախը, իբրեւ յստակ օրինակ:

Կը վախնամ, որ բառերս հասարակ դարձնեն մտածումներս: Բառեր կան, որոնք իրենց ետին խորհրդաւորութիւն կը պահեն։ Անոր համար կը կրկնեմ.- անկախ եւ ազատ Հայաստանի տարեդարձի գաղափարն է որ կրկին համախմբած է մեզ բոլորս ու ոգեւորած։ Ու պէտք է, որ այդպէս ըլլայ։ Մենք կառուցող ժողովուրդ ենք։ Իւրաքանչիւրս, անգիր օրէնքի նման ունինք պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ մեր հայրենիքի նկատմամբ։ Առանց սակարկութեան պէտք է սիրել հայրենիքը: Սիրել հայն ու իր Հայաստանը, հայութենէն աւելի։ Որքա~ն հաճելի է, նոյնքան ալ իմաստալից է: Բոլորս ալ պէտք է ունենանք նման մաքուր եւ զուլալ զգացումը հանդէպ մեր երկրին, որ արդէն խածած մեր սիրտն ու հոգին: Հարկ է զայն պահել վճիտ:

Հայրենի հողին ներշնչած սէրը եւ լոյսը պէտք է լուսաւորէ մեր բոլորին հոգիները:

Հայրենիքի հողին վրայ ապրելու հպարտութիւնը ներշնչում պէտք է դառնայ բոլորիս:

Միլիոն անգամ կրկնած ենք այս խօսքերն ու խրատաները, այս մաշած ու հինցած լոզունքները։ Բայց հասկնալ է պէտք։

Որովհետեւ այսօրուայ Հայաստանը, իր ներկայ ազատ եւ անկախ իրավիճակով եւ նաեւ ազատ Արցախով, մեզի համար մարմարէ յուշարձան մըն է, զոր կանգնեցուցած է մեր ժողովուրդը աշխարհի պատմութեան հրապարակին վրայ:

Զայն ամուր, հաստատ ու մաքուր պահելն է հարկաւոր։

Սեպտեմբեր 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրն է

Ուստի կը մաղթենք, որ գալիք բոլոր օրերն ու տարիները ըլլան լիարժէք ապրելու եւ զարգանալու տարիներ։ Զգա՛նք, գիտակցի՛նք ու գուրգուրանք անկախութիւն ծնող մեր ժողովուրդին՝ ներշնչելով անոր միայն իր հայրենի հողին վրայ ապրելու պահանջատի-րոջ իրաւունք: Մեր երկիրը դարձնենք այնպիսի երկրի մը, որ ամէն հայ տեսնէ իր վաղը։ Ապրի՛նք այն հոգեբանութեամբ, որ անկախ Հայաստանը դեռ շատ երիտասարդ է եւ ամեն հայ անոր կողքին ըլլալու, կենալու զօրակցելու եւ բարգաւաճ դարձնելու պարտաւորութիւնը ունի։

Համոզուած ենք, որ անկախ եւ ազատ Հայաստանը մեր երազանքի բանալին էր, ուստի պետք է նաեւ ըլլայ մեր հարազատ հաւատքի եւ ժողովրդավարական քաղաքակրթու-թեան «սահմանապահը», եթե կուզէք՝ յենակէտը, որուն համար կ՚արժէ միասնակամ ապրել, պայքարիլ, զոհուիլ եւ զոհաբերել։

Արդ՝ ի սրտէ կրկին բարեւ Հայաստան.- Դո՛ւն որ բոլոր հայութեան միակ հայրենիքն ես, Սեպտեմբերեան անկախութիւնդ շնորհաւոր։