Հայ Երիտասարդ Ըմբիշները Արծաթէ Մետալներ Նուաճեցին Աշխարհի Ախոյեանութեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական կազմի ներկայացուցիչները դարձան աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիրներ:

Սեպտեմբեր 18-ին, Սլովաքիոյ Թրնաւա քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի ախոյեանութեան 55 քկ կարգի եզրափակիչին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան պարտուեցաւ եւ դարձաւ ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:

Եզրափակիչին պարտուեցաւ նաեւ 130 քկ կագի ըմբիշ Դաւիթ Օվասապեանը, ոև 0:5 հաշիւով զիջեցաւ մրցակցին:

Աւելցնենք, որ 67 քկ կարգին մէջ կը մրցի նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան, որ  եզրափակիչ փուլին պիտի մրցի Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Մահմուտ Պախշիլոեւի հետ:

Եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19-ին: