Նոր ներդրումներ Քալիֆորնիայէն` Հայաստանեան ՏԱ Ոլորտին. Համաձայնագիրներ Ստորագրուած Են

Աշխարհ, Հայաստան

Պիզնես Արմէնիայի աջակցութեամբ Enterprise Incubator Foundation-ի` Մարզերու մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացման ծրագրի ղեկավար, Գիւմրիի ՏԱ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Ամալիա Եղոյեան արտագնայ գործարար առաքելութիւն իրականացուցած է ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգ:

Ինչպէս  կը տեղեկացնեն Պիզնես Արմէնիայի հանրային կապերու բաժինէն, շուրջ 50 գործարարներու համար շնորհանդէս կազմակերպուած է` հայաստանեան ՏԱ ոլորտի ներդրումային միջավայրի վերաբերեալ:

Արտագնայ առաքելութեան ընթացքին համաձայնագիրներ ստորագրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներու մասին. Անոնցմէ մէկը, որ ստորագրուած է Ամալիա Եղոյեանի եւ «Alena Solutions» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ասպետ Քասիսի միջեւ, կը նախատեսէ ընկերութեան մասնաճիւղեր հիմնել Վանաձորի եւ Գիւմրիի ՏԱ կեդրոններուն մէջ: «Alena Solutions» տարբեր գործերու համար արհեստագիտական լուծումներ առաջարկող ընկերութիւն է:

Միւս համաձայնագիրով, որ ստորագրուած է «Հայերքլաութը» ընկերութեան հիմնադիր, գործադիր տնօրէն Աւետիս Անթապլեանի հետ, կը նախատեսուի Գիւմրիի մէջ բանալ ընկերութեան առեւտուրի գրասենեակ: «Հայերքլաութը» ՏԱ ոլորտի ընկերութիւններու համար մարդուժի հաւաքագրմամբ եւ խորհրդատւութեամբ զբաղուող ընկերութիւն է:

«Պիզնես Արմէնիան իր օտարերկրեայ ներկայացուցիչներու մեծ ցանցով պատրաստ է աջակցելու դէպի Հայաստան ներդրումներուն: Այս պարագային յատկապէս ուրախ ենք, որ նոր ներդրումները պիտի ուղղուին մարզեր»,- նշած է Պիզնես Արմէնիայի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեանը:

«Գիւմրին, Վանաձորը, Գաւառը բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ներդրումներու համար հեռանկարային են, ունին ենթակառուցուածքներ, համալսարններու մասնաճիւղեր: Սա գնահատելի է, քանի որ ներդրումներուն մէկ մասը դէպի մարզեր ապակենտրոնացնելու ռազմավարութիւն ունինք»,- նշած է Enterprise Incubator Foundation-ի` Մարզերու մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու  զարգացման ծրագրի ղեկավար Ամալիա Եղոյեան:

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործարարներու հետ հանդիպման ան նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ ընկերութիւն հիմնելու, աշխատատեղեր ստեղծելու, բարձրորակ մասնագէտներ ներգրաւելու, վերապատրաստման, յաջող գործ ծաւալելու ճանապարհային քարտէսը: