Հադրութի Շրջանի Մեծ Թաղեր Գիւղին Մէջ Արցախեան Պատերազմի Զէնքի Թանգարան Պիտի Բացուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի մշակոյթի տան մէջ պիտի բացուի արցախեան պատերազմի զէնքի թանգարան:

Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին փոխվարչապետ, «Արցախի հերոս», Արցախի նախագահի խորհրդական Արթուր Աղաբեկեան:

Անդրադառնալով Մեծ Թաղեր գիւղի մշակոյթի տան պատմութեան՝ ան մասնաւորապէս նշած է, որ անիկա՝ իբրեւ ծխական դպրոց, կառուցուած է 1840-1850թթ. բարերար Լալաբեկեանի կողմէ (Լալաբեկեանը Մեծ Թաղերու մէջ 1840-ին գործող Մետաքսի վերամաշակման գործարանի սեփականատէրն էր), անիկա կը գտնուի Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։

«1905-ին, ռուսական ցարը եկեղեցւոյ կից դպրոցները փակելէն ետք, անիկա դարձած է օրիորդաց դպրոց, իսկ գիւղին մէջ սկսած է գործել չորսամեայ պետական դպրոցը։ Օրիորդաց դպրոցը փակուած է 1920-ին։ Թաթարներու կողմէ Շուշին վառելէ ետք, Շուշիէն գիւղ եկածները տեղաւորուած են պետական դպրոցի շէնքին մէջ, իսկ դպրոցը տեղափոխուած է ծխական դպրոցի շէնք»,- գրած է Աղաբեկեան՝ շէնքի պատմութեան հետ կապուած նշելով այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ։

Անդրադառնալով մշակոյթի տան ներկայ վիճակին՝ Աղաբեկեան տեղեկացուցած է, որ անիկա կը վերակառուցուի պետական միջոցներով, ուր պիտի գործէ գիւղի մշակոյթի տունը եւ իր երկար տարիներու երազանքներէն մէկը՝ արցախեան պատերազմի զէնքի թանգարանը։