Արցախի Նախագահն ու ՀՀ ԱԳ Նախարարը Քննարկած են Արտաքին Քաղաքականութեան Ոլորտին Մէջ Փոխգործակցութեան Վերաբերեալ Հարցեր

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Սեպտեմբեր 17-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտներու մէջ հայկական երկու պետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպման մասնակցած են ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։