«Հարսանիք Թիկունքում» Ներկայացումը Արցախի Հանդէպ Ունեցած Մեծագոյն Սիրոյ Ծնունդ է. Գիւմրիի Թատրոնի Տնօրէն (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան ու ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւններուն աջակցութեամբ՝ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, Սեպտեմբեր 17-ին կայացած է Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Անահիտ Աղասարեանի փիեսին հիման վրայ բեմադրուող ներկայացումը կ՝ընթանայ 2 գործողութեամբ:

Սիւժէն գիւմրեցի ընտանիքի մը պատմութիւնն է, ուր կը պատրաստուին ամուսնացնել գերդաստանի միակ արու զաւակը: Կը ներկայացուի, թէ ինչպէս աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող հարազատները կու գան մասնակցելու Ապրիլ 2-ին կայանալիք հարսանիքին: Բայց կը սկսի քառօրեայ պատերազմը, եւ փեսան կը մեկնի ռազմաճակատ:

Թատրոնի տնօրէն Տիգրան Վիրապեանի խօսքով՝ մինչ 2016 Ապրիլ, գլխաւոր բեմադրիչ Լիւտվիկ Յարութիւնեանի հետ կը մտածէին ստեղծել ներկայացում մը, որ նուիրուած ըլլար արցախեան գոյապայքարին, սակայն, վերջին չարաբաստիկ դէպքերը ստիպեցին կեդրոնանալու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վրայ:

«Դրամատուրգ Անահիտ Աղասարեանի հետ սկսանք փիեսի ստեղծման աշխատանքները: Ուրախ եմ, որ անիկա ծնած է թատրոնի մէջ, դրամատուրգը աշխատած է թատրոնի ստեղծագործական խումբին հետ, տեսած կերպարները: Մեզի համար խաղալը Արցախի մէջ շատ դժուար էր: Երբ կը խաղաս Երեւանի, Գիւմրիի կամ այլ քաղաքի մը մէջ, փիեսը քեզի համար պատմութիւն է, իսկ Արցախի մէջ՝ կենսակերպ: Այն խնդիրները, որոնք կը բարձրացուին ներկայացման մէջ, հայ ժողովուրդի եւ արցախցիներու արդար պահանջն են: Մենք կ՝ուզենք խաղաղ ապրիլ մեր երկրին մէջ»,- նշած է Տ. Վիրապեան:

Դրամատիկական թատրոնի տնօրէնին խօսքով՝ «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացումը Արցախի հանդէպ ունեցած մեծագոյն սիրոյ ծնունդն է:

«Գիւմրիի թատրոնը Արցախի մէջ ինքզինք կը զգայ ինչպէս պիտի զգար իր տան մէջ: Ասիկա մեր քարտէզի կարեւորագոյն կէտն է, ուր ելոյթ կ՝ունենանք ամէն տարի: Ներկայացումով պիտի մեկնինք Լիբանան, այնուհետեւ՝ Փետրուարին, մէկամսեայ հիւրախաղային շրջագայութիւն պիտի ունենանք ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ:

Ի լրումն նշեմ նաեւ, որ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի հետ շուտով պիտի բեմադրենք նոր ներկայացում, որ կը կոչուի «Տմբլաչի Խեչանը»,-  մանրամասնած է Տ. Վիրապեան:

Փիեսի դերակատար Տարօն Գրիգորեան, որ կը մարմնաւորէ գլխաւոր հերոսի՝ Արմէնի կերպարը, իր հերթին նշած է, որ պարտաւորեցնող է ներկայացնել պատերազմը, որ առօրեայ է եւ ըլլալ բացարձակ անկեղծ:

«Մեր կողքին կան մարդիկ, որոնք ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն կը գտնուէին Արցախ, եւ առաջնագիծի ամբողջ ազդեցութիւնը կը տարածուէր նաեւ մեր վրայ: Կը կարծեմ՝ կերպարը կ՝ամբողջանայ փիեսի երկրորդ գործողութեան մէջ, երբ կը վերադառնայ Արմէնը: Դահլիճէն կը լսուէին հեկեկոցներ, ինքնըստինքեան կը հասկցուէր, որ այստեղ նստածները պատերազմի ցաւը զգացած մարդիկ են:

Դերասանուհի Նառա Սանթոյեան նշած է, որ ներկայացումը իրեն համար առաջին հերթին խոնարհում էր:

«Ասիկա յօրինուած չէր, ինչպէս իմ խաղացած միւս դերերը, ասիկա այն ներկայացումը չէր, ուր բեմադրիչը եւ ստեղծագործական կազմը կը փորձէին երեւակայել ու ստեղծագործել: Հերոսի մօր կերպարը կերտելը մեծագոյն պատասխանատւութիւն է»,- ընդգծած է Ն. Սանթոյեան:

Իսկ ՀՀ Ժողովրդական արտիստ, պետական մրցանակի դափնեկիր Անահիտ Քոչարեան նշած է, որ առաջին ներկայացումը կարծես քննութիւն ըլլար իրենց համար:

«Ես կերտեցի եզտի կինը՝ Սանամի կերպարը: Հայաստանը նաեւ եզտիներու հայրենիքն է, եւ հայ տղաներու կողքին կռուած են նաեւ եզտիները: Կը կարծեմ` հոգիի ցաւը կը սփոփուի պատմելով: Մենք որոշեցինք պատմել համազգային ցաւին մասին»,- ըսած է Ա. Քոչարեան:

Նշենք, որ «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացումը Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ պիտի բեմադրուի նաեւ Սեպտեմբեր 18-ին եւ 19-ին՝ ժամը 19:00-ին: Ցանկացողները տոմսերը կրնան ձեռք բերել տեղւոյն վրայ: