Սուրիոյ ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Յայտարարուեցաւ. Երեք Հալէպահայ Թեկնածուներ Ընտրուեցան

Աշխարհ, Սփիւռք

Քիչ առաջ Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Դատական Բարձրագոյն Յանձնախումբը յայտարարեց ընտրութիւններուն արդիւնքը, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Հալէպի Նահանգային Խորհուրդին մաս կազմեցին երեք հալէպահայ թեկնածուներ՝ Մարիա Գաբրիէլեան (Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածու), Շահէ Մինասեան (Սուրիական Պաաս Կուսակցութեան թեկնածու), Ներսէս Պարսումեան (անկախ, գաւառային շրջան):