Մարտակերտի Մէջ Կը Շարունակուին Փողոցներու Բարեկարգման Աշխատանքները

Հայաստան

Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը յաճախ կ՛այցելէ քաղաք եւ համայնքներ ու անձամբ կը հետեւի շրջանին մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն:

Մարտակերտի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթը կը գրէ, որ քաղաքին մէջ սկսած են ճանապարներու շինարարական աշխատանքները: Այժմ, հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, Սախարովի փողոցին մէջ կը կատարուին փողոցներու բարեկարգման, եզրաքարերու տեղադրման, նոր մայթերու կառուցման, ինչպէս նաեւ ասֆալտապատման աշխատանքներ: Օրերս ասֆալտապատուած է նաեւ շրջանի վարչակազմի յարակից տարածքը: Տեղի ունեցող աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտին հասցնել մինչեւ տարեվերջ։